Sunday May 19, 2013

Վահէ Աւետեանի Գործի Քննութեան Յատուկ Յանձնախումբ` Ազգային Ժողովի Չորս Խմբակցութիւններու Կողմէ

By adminx - Thu Jul 05, 7:46 am

Վահէ Աւետեանի մահուան առիթով արդար քննութիւն կազմակերպելու համար պայքարող քանի մը հարիւր հասարակական գործիչներ` երէկ քայլերթով Ազգային ժողովի շէնքէն ուղեւորուեցան դէպի Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան շէնք:

Մինչ այդ, անոնց միացան Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան պատգամաւորները: Խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան գործիչներուն յայտնեց, որ հարցին առնչութեամբ արտահերթ նիստ պիտի չգումարուի` պատճառաբանելով, որ անոր համար անհրաժեշտ 44 ձայնը չէ ապահովուած: Այս յայտարարութիւնը շարժման մասնակիցները ընդունեցին դժգոհութիւններով: Մասնաւորապէս, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան անդամ, գործիչ Դաւիթ Սանասարեան դժգոհեցաւ, թէ եթէ չորս խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն թիւը միասին կը գերազանցէ 44-ը, ուրեմն ի՛նչ է խնդիրը (նշուած չորս խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն թիւը ընդհանուր առմամբ 54 է):

Զուրաբեան յայտարարեց նաեւ, որ Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւններ` Հայ ազգային քոնկրեսը, ՀՅԴ-ն, Բարգաւաճ Հայաստանը եւ Ժառանգութիւնը (փաստօրէն, բոլորը` բացի Հանրապետական կուսակցութենէն եւ Օրինաց երկիր կուսակցութենէն) ստորագրած են միացեալ յայտարարութիւն` նախաձեռնելով այս նիւթով խորհրդարանական լսումներ:

Բացի ատկէ, նոյն խմբակցութիւններուն կողմէ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ, որ պիտի հանդիպի իրաւապահ մարմիններու ղեկավարութեան հետ եւ աշխուժ մասնակցութիւն պիտի ունենայ գործի քննութեան մէջ

 

 

Leave a Reply

Advertisement