Քրտերէնով Ու Հայերէնով Գրուած Ցուցատախտակներու Պատճառով Տիգրանակերտի Մէջ Սուրի Քաղաքապետին Դէմ Հարցաքննութիւն Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կողմէ
By adminx - Thu Jul 05, 7:44 am
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ «Ռատիքալ»-ի երկու աշխատակիցներ` Ֆերիտ Ասլան եւ Պայրամ Պուլութ հրատարակած են թղթակցութիւն մը, ուր կը հաղորդուի, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը հարցաքննութիւն բացած է Տիգրանակերտի Սուր քաղաքապետութեան կողմէ քաղաքապետական խորհուրդին որոշումով քաղաքի մուտքին դրուած ցուցատախտակին մասին, որուն վրայ քաղաք ժամանողներուն բարի գալուստ կը մաղթուի երեք լեզուներով: Հրատարակուած լուսանկարին մէջ կը տեսնենք, որ երեք լեզուներն են թրքերէնը, քրտերէնը եւ հայերէնը: Բայց աշխատակիցները հայերէնը շփոթած ըլլալու են եբրայերէնի հետ եւ կը գրեն, որ ցուցատախտակը գրուած է թրքերէն, քրտերէն եւ եբրայերէն: Ցուցատախտակին վրայ կը տեսնենք «Բարի եկաք» նախադասութիւնը, որ գրուած է երկու անգամ, տակ տակի:
Սուրի քաղաքապետ Ապտիւլլա Տեմիրպաշ, որ զանազան լեզուներու կարգին միշտ մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայած է նաեւ հայերէնին, ըսաւ, որ այս ցուցատախտակը կախուած է մօտաւորապէս մէկուկէս տարիէ ի վեր, ինչո՞ւ ներքին գործոց նախարարութիւնը հիմա է, որ հարցաքննութիւն կը կատարէ այդ առնչութեամբ: Ան ըսաւ, որ նախարարութեան այս տրամաբանութիւնը ժողովրդավարութեան հետ հաշտ չէ, այսպիսի տրամաբանութիւն մը ծառայութիւն չի մատուցեր հաշտութեան, եղբայրութեան եւ ժողովրդավար ազատութեան: Մինչ կառավարութիւնը կը պատրաստուի քրտերէնը ընդունիլ իբրեւ ընտրովի լեզու, ասդին ներքին գործոց նախարարութեան պետական քննիչները հարցաքննութիւն կը բանան քրտերէնով գրուած ցուցատախտակի մը վերաբերեալ:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը Սուրի քաղաքապետութեան դէմ հարցաքննութիւն բացաւ նաեւ երկրորդ խնդիրի մը առնչութեամբ: Քաղաքապետութիւնը զեղչեալ գինով արտօնագիր կու տայ եղեր այն ձեռնարկներուն համար, որոնց մասին ցուցատախտակներու վրայ կը գործածուին ուրիշ լեզուներ ալ, այսինքն` մասնաւորաբար քրտերէնը: Ներքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս մասին հարցաքննութիւն բացած է եւ Սուրի քաղաքապետութեան կը հարցնէ, թէ այս որոշումները որո՞նց կողմէ եւ ե՞րբ տրուեցան:
Սուրի քաղաքապետը ինքնապաշտպանութեան դիմեց` դիտել տալով, որ քաղաքը ամէն բանէ առաջ պէտք է ժամադրուի իր ինքնութեան հետ: Տիգրանակերտը բազմամշակոյթ քաղաք մըն է` բազմաթիւ ինքնութիւններով ու կրօններով: Իրենք զանազան տեղեր ցուցատախտակներ կախած են թրքերէն, քրտերէնի գուրմանճի ու զազաքի բարբառներով, ասորերէն, արաբերէն, անգլերէն, որոնցմով բարի գալուստ մաղթած են քաղաք ժամանողներուն: Ան յիշեց նաեւ հայերէնը, որուն կարեւորութիւն կ՛ընծայեն հինէն ի վեր: Ըսաւ, որ մինչ կառավարութիւնը քայլեր կ՛առնէ լուծումներ գտնելու համար, կարգ մը շրջանակներ կարծես արգելք հանդիսանալ կը ջանան այդ քայլերուն: Կամ այն է, որ կառավարութիւնը կ՛առնէ կարգ մը քայլեր, սակայն միւս կողմէ չ՛ուզեր, որ ժողովուրդն ալ իր կարգին առնէ նմանօրինակ քայլեր:
«Ռատիքալ» կը յիշեցնէ, որ Տիգրանակերտի դատախազութիւնը դատական հետապնդումի արարք չէր նկատած մայր քաղաքապետութեան կողմէ 1,5 տարի առաջ դրուած այն ցուցատախտակներուն մէջ, ուր բարի գալուստի մաղթանք կար թրքերէնով եւ քրտերէնով:
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print



