Զասպիքին. «Սուրիոյ Տագնապին Հետեւանքներով Ամբողջ Շրջանը, Յատկապէս` Լիբանանը Վարակելը Հաւանական Է»
By adminx - Thu Jul 05, 7:38 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին դրուատեց Մոսկուայի կեցուածքը, որ կը զօրակցի սուրիացի ժողովուրդին եւ ոչ մէկ ակնարկութիւն կը կատարէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի:
Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ երկունքը երկար պիտի տեւէ` աւելցնելով, որ միջազգային իւրաքանչիւր կողմ իր բացատրութիւնը ունի Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապին մասին:
Զասպիքին շեշտեց, որ Լիբանանի հարցերը պէտք է երկխօսութեամբ լուծել, ինչպէս նաեւ երկրին սահմաններուն լաւ հսկել, որպէսզի դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին վերջ դրուի:
Միւս կողմէ, Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա մտահոգ է Սուրիոյ տագնապով, որ կրնայ շրջանային իր հետեւանքները ունենալ, իսկ անկէ առաւելաբար կրնայ ազդուիլ Լիբանանը:
Զասպիքին անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման զօրակցելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Լիպիոյ փորձառութիւնը պէտք չէ Սուրիոյ մէջ կրկնել:
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print



