«Թուրքիա Ամէն Տեսակի Գումակային Աջակցութիւն Տրամադրեց Ահաբեկիչներուն» Կ՛ըսէ Ասատ
By adminx - Thu Jul 05, 7:27 am
- 0 Comments
- 177 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը երէկ հրապարակեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր կատարած հարցազրոյցին երկրորդ բաժինը, որուն մէջ Ասատ Թուրքիան կ՛ամբաստանէ Սուրիոյ մէջ «ահաբեկիչներուն» գումակային աջակցութիւն տրամադրելու յանցանքով եւ թրքական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ սուրիական ներքին հարցերուն չմիջամտելու:
Ասատ հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ «սուրիական ներքին հարցերուն միջամտելու ձգտող Թուրքիոյ փափաքը զայն դժբախտաբար արիւնալի բոլոր արարքներուն մասնակից դարձուց»` աւելցնելով, որ «Թուրքիա ամէն տեսակի գումակային աջակցութիւն տրամադրեց ահաբեկիչներուն, որոնք մեր ժողովուրդը սպաննեցին»: Ան Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ամբաստանեց «յարանուանական կիրքերու» հիմամբ շարժելու յանցանքով:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ բրիտանական խորհրդարանին ուղղուած գրաւոր ուղերձի մը մէջ յայտնեց, որ «մենք համաձայն ենք (այն գաղափարին), որ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վրայ գտնուելու պայմաններուն մէջ Սուրիա ապագայ չունի»: Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը դէպի քայքայում կ՛ուղղուի:
Բրիտանիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ ներկայիս կարեւորը այն է, որ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակի առաջին ժողովին մասնակցած երկիրները պահպանեն քաղաքական հոլովոյթի թափը եւ սուրիական կողմերուն ստիպեն բռնարարքներու դադրեցումը ամբողջական կերպով յարգել ու քաղաքական իսկական հոլովոյթի մը մասնակից դառնալ:
Ան նշեց, որ Փարիզի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը պիտի քննարկէ Ժընեւի ժողովին արդիւնքները վաւերացնելու հարցը, ինչպէս նաեւ այն հաստատումը, թէ Ասատ չի կրնար Սուրիոյ մէջ որեւէ փոփոխութեան մաս կազմել: Հէյկ ըսաւ, որ Փարիզի ժողովին մասնակից երկիրներուն «կոչ պիտի ուղղենք սուրիական վարչակարգին դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու»: Ան նաեւ բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց «սուրիական վարչակարգին զէնքեր տրամադրելէ հրաժարելու»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «Ֆրանսա Սուրիոյ կացութեան հարցով Բրիտանիոյ հետ նոյն կեցուածքը կը բաժնէ»` աւելցնելով, որ «Դամասկոսի դէմ պատժամիջոցները պիտի աւելցնենք, իսկ (ՄԱԿ-ի ուխտի)7-րդ յօդուածին դիմելը վերջին լուծումն է»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յոյս յայտնեց, որ Ժընեւի ժողովին մասնակից երկիրները յանձնառու մնան սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումին: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Ժընեւի ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, որ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի մը վրայ կը շեշտէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ հաղորդագրութեան մէջ ոչ յստակ կէտեր կան, որոնք յստակացումի կը կարօտին:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ «քանի ժողովին մասնակիցները հաստատեցին, որ սուրիացի ժողովուրդը ինք առանձինը իր ապագան ճշդելու որոշումին տէրն է` առանց արտաքին միջամտութեան, ապա բոլոր հարցերը կարելի է քննարկել ազգային երկխօսութեան սեղանին վրայ»:
Մինչ այդ, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը` վկայակոչելով դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւր մը, հաղորդեց, որ արեւմտեան պետութիւնները եւ Ուաշինկթըն կը փորձեն համոզել Ասատի համար Ռուսիոյ մէջ քաղաքական ապաստան ապահովելու, սակայն Մոսկուա այդ մէկը կատարելու մտադիր չէ: Սակայն Մոսկուա յայտարարեց, որ ինք Միացեալ Նահանգներու հետ Ասատի ճակատագիրը չի քննարկեր:
«Քոմերսանթ» նաեւ հաղորդեց, որ Ռուսիա ոչ թէ սուրիական ընդդիմութեան դէմ չէ, այլ` Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան: Օրաթերթը նախատեսեց, որ Ասատի ապագային շուրջ անակնկալ շրջադարձ մը տեղի ունենայ:
Քրեմլինի մօտիկ աղբիւր մը «Քոմերսանթ»-ին յայտնեց, որ «Ասատ շոգեկառքը փախցուց եւ իշխանութեան վրայ մնալու մեծ առիթ չունի»:
Ռուսական լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ վերջերս Սուրիոյ կողմէ վար առնուած թրքական «Էֆ-4» կործանիչի օդաչուները իրենց վրայ «հրաւիրեցին» սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան կրակոցները: Ան նշեց, որ թրքական օդանաւի անձնակազմին վարմունքը միայն մէկ պատճառ ունի` սուրիական օդային պաշտպանութեան ուժերու պատրաստուածութիւնը փորձարկել:
Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու ղեկավար զօր. Ռոպըրթ Մուտ յայտնեց, որ դէտերու ճակատագիրին վերաբերեալ վերջին խօսքը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի ըսէ երկու շաբաթ ետք իր գումարելիք նիստին ընթացքին:
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը հարիւրաւոր սուրիացիներու սպանութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ»:
Մինչ այդ, թրքական բանակը երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ վար առնուած թրքական կործանիչին երկու օդաչուներուն դիակները գտնուած են:
Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած է, որ Թուրքիա մտադիր չէ Սուրիոյ ելեկտրականութեան եւ ջուրի վաճառքը դադրեցնելու, հակառակ Դամասկոսի հետ իր ունեցած լարուած յարաբերութեան:
«Թուրքիան պիտի շարունակէ Սուրիոյ ջուր մատակարարել եւ ելեկտրականութիւն վաճառել` օգտագործելով Իրաքի տարածքը», ըսած է ան:
«Հապերլեր» կը նշէ, որ Թուրքիա ամէն ամիս Սուրիա ժամական 232,2 միլիոն քիլոուաթ ելեկտրականութիւն կ՛արտածէ:
- 0 Comments
- 177 views
- Tweet
Email
Print




