Յոյներու Բրիտանիա Մուտքը Կրնայ Արգիլուիլ
By adminx - Thu Jul 05, 7:23 am
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտարարած է, թէ Բրիտանիա պատրաստ է յոյն ներգաղթողներուն առջեւ իր սահմանները փակելու, եթէ Յունաստան դուրս գայ Եւրոյի գօտիէն:
Քամերոն յայտնած է, որ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները պատրաստուած են յոյներու Բրիտանիա հոսքը կանխարգիլելու համար «պահանջուած ամէն ինչ» կատարելու: Վարչապետը նշած է, որ այս որոշումը պիտի ընդունի միայն իրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, եւ յոյս յայտնած է, որ այդպիսի քայլի դիմելու կարիք չըլլայ:
Յունաստան պիւտճէի բացին պատճառով կը գտնուի ելեւմտական ծանր կացութեան մէջ: Բացի ատկէ, ելեւմտական տագնապին աւելցած է քաղաքականը: 6 մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած ոչ մէկ կուսակցութիւն յաջողած էր կառավարութիւն ձեւաւորել:
Յաղթանակ արձանագրած երեք կուսակցութիւններուն` կեդրոնի աջ Նոր Ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը, կեդրոնի ձախ Համայունական ընկերվարական կուսակցութիւնը եւ Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յաջողած են համաձայնական կառավարութիւն մը կազմել: Նշեալ կուսակցութիւնները դէմ են Յունաստանի Եւրոյի գօտիէն դուրս գալուն ու հերթական վարկ ստանալու համար պատրաստ են կատարելու Եւրոպական Միութեան պահանջները:
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print




