Եասեր Արաֆաթի Հագուստին Ու Անձնական Իրերուն Վրայ Փոլոնիումի Հետքեր Յայտնաբերուած Են
By adminx - Thu Jul 05, 7:22 am
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ զուիցերիացի փորձագէտներ Պաղեստինեան իշխանութեան նախկին ղեկավար, 2004-ին մահացած Եասեր Արաֆաթի հագուստին ու անձնական իրերուն վրայ յայտնաբերած են փոլոնիում-210 շողարձակ նիւթի հետքեր:
Արաֆաթի հագուստն ու իրերը, զորս ան իր կեանքի վերջին օրերուն կրած եւ օգտագործած է, «Ժազիրա»-ին փոխանցած է նախկին ղեկավարի այրին: Պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին զանոնք ուղարկած է Լոզանի ռատիոբնագիտութեան հիմնարկ` փորձաքննութեան:
Հիմնարկի տնօրէն Ֆրանսուա Պոշու յայտարարած է, որ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ Արաֆաթի անձնական իրերուն վրայ, ինչպէս նաեւ անոր արեան, մեզին եւ քրտինքին մէջ յայտնաբերուած է վերոնշեալ շողարձակ նիւթի բարձր պարունակութիւն, ինչ որ կրնար պատճառ ըլլալ 75 տարեկան քաղաքական գործիչին առողջութեան կտրուկ վատթարացման:
Հաշուի առնելով, որ փոլոնիում-210-ի ազդեցութիւնը 138 օր կը տեւէ, իսկ Արաֆաթ մահացած է շուրջ 8 տարի առաջ, ապա, ըստ պատկերասփիւռի կայանին, կարելի է ենթադրել, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախկին ղեկավարի մարմինին մէջ մահուան նախօրէին մուտք գործած է այս շողարձակ նիւթի մեծ չափաբաժին:
Արաֆաթը թունաւորելու վարկածը սկսած է շրջանառութեան մէջ դրուիլ 2004-ի աշնան, երբ անոր առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացաւ: Սակայն այդ առնչութեամբ ո՛չ օրին, ո՛չ ալ ատկէ ետք հաստատում մը եղաւ:
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print




