Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Յայտարարած Է. «Ծովանուշներ Գոյութիւն Չունին»
By adminx - Thu Jul 05, 7:21 am
- 0 Comments
- 38 views
- Tweet
Email
Print
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր քաղաքացիներուն կը վստահեցնէ, որ իրականութեան մէջ ծովանուշներ գոյութիւն չունին:
Ովկիանոսի ազգային ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Աղէտներու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի միացեալ հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ «մինչեւ այսօր չէ յայտնաբերուած փաստ մը, որ ծովանուշներու գոյութիւնը կ՛ապացուցէ: Կէս մարդ, կէս ձուկ գեղեցկուհիներու գոյութեան մասին պատմութիւնները պարզապէս առասպել են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ»:
Այս յայտարարութեան պատճառ դարձած էր բազմաթիւ ամերիկացի քաղաքացիներու կողմէ ծովանուշներու գոյութեան վերաբերեալ պետական այս ծառայութիւններուն յղուած նամակներու եւ հեռաձայններու տարափը:
Քաղաքացիներու այս արշաւին պատճառը վերջերս «Անիմըլ Փլանեթ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին կողմէ այդ արարածներուն մասին ցուցադրուած հաղորդումն էր, որուն ընթացքին «ծովանուշներու գոյութիւնը ապացուցող» նկարներ ցուցադրուած էին:
- 0 Comments
- 38 views
- Tweet
Email
Print



