Միջազգային Կարճ Լուրեր
By adminx - Thu Jul 05, 7:20 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
ԹՐՔԱԿԱՆ բանակը յայտարարեց, որ իր ռմբաձիգները անցեալ շաբաթ Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերը հրթիռներով հարուածած են: Թրքական պատերազմական օդանաւերը 26-30 յունիսին ՔԱԿ-ի երեք դիրքերու դէմ շարք մը յարձակումներ գործած են:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Տաքոթա նահանգին մէջ «Սի-130» տիպի զինուորական փոխադրութեան օդանաւի մը ջախջախումէն ետք ամերիկեան բանակը առկախեց Միացեալ Նահանգներու հիւսիսային եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ հրդեհներու դէմ պայքարին մէջ այդ տիպի օդանաւերու օգտագործումը: Ամերիկեան բանակը այդ տիպի 10 օդանաւեր ունի եւ զանոնք կ՛օգտագործէ հրդեհներու դէմ պայքարներու օժանդակելու համար: Որոշուած է անոնց օգտագործումը դադրեցնել մինչեւ որ բանակը վստահ ըլլայ, թէ այդ օդանաւերը եւ անոնց անձնակազմերը պատրաստ են ապահով կերպով իրենց առաքելութիւնը շարունակելու:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print



