Thursday Jun 20, 2013

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Հանրախանութ Տանի՞լ, Թէ՞…

By adminx - Thu Jul 05, 5:32 am

Երեխան դաստիարակելը բաւական բարդ հարց է, իսկ երեխայ-ծնողք շփումը շատ կարեւոր է շատ մը հարցեր լուծելու եւ սահմաններ ճշդելու համար: Մեր օրերուն դժբախտաբար քիչ է թիւը ծնողներուն, որոնք ժամանակ կը տրամադրեն իրենց զաւակներուն, որոնց մեծ մասը լքուած է համակարգիչի պաստառին կամ ելեկտրոնային խաղալիքներուն առջեւ…

Այսպէս, երբեմն մայրեր կը խուսափին իրենց փոքրիկը հանրախանութ տանելէ, այն մտավախութեամբ, որ հոն փոքրիկը զիրենք պիտի խայտառակէ իր չարութիւններով կամ նեղ կացութեան մատնէ` իր պահանջներով: Բայց ե՞րբ պիտի սորվի մանուկը հանրախանութ երթալ, ապրանքներուն եւ անուններուն ծանօթանալ եւ առանց անկարելի պահանջներ դնելու` մօրը հետ շրջիլ եւ  ուրախ տուն վերադառնալ:

Ի՞Նչ Տեղի Կ՛Ունենայ
Առաջին
Անգամ

Ընդհանրապէս առաջին անգամ կարելի չէ նախատեսել, որ խանութին մէջ փոքրիկը կամակորութիւն պիտի ընէ եւ ձեզմէ պիտի պահանջէ խաղալիք, տուրմ, պաղպաղակ եւ այլն… Ի՛նչ պատկեր ալ պարզուի, թելադրելի չէ, որ դուք փորձէք հարցը լուծել խանութին մէջ, քանի որ ձեր փոքրիկը պիտի չլսէ ձեզ եւ պիտի պնդէ իր տեսակէտը: Ո՛չ ապտակը եւ ո՛չ ալ սպառնալիքները պիտի լուծեն հարցը. ընդհակառա՛կը, մնացեալ յաճախորդներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք եւ պիտի մատնուիք անել կացութեան:

Որպէսզի նման իրավիճակ չստեղծուի, պէտք է երեխային հետ նստիլ ու խօսիլ  նախքան խանութ մեկնիլը:

Օրինակ, եթէ մթերքներու համար խանութ պիտի երթաք եւ յաւելեալ գնումներու գումար եւ ժամանակ չունիք, ասիկա փոքրիկին պէտք է բացատրէք տունէն չմեկնած, անշուշտ` համոզիչ եւ մատչելի ձեւով: Անոր կը բացատրէք, որ այսօր խանութ կ՛երթաք հաց, բանջարեղէն, պտուղ եւ հաւ գնելու, եւ թէ` գնումէն ետք ուղղակի տուն պիտի վերադառնաք, հետեւաբար օրը ո՛չ պտոյտի եւ ո՛չ ալ խաղալիք գնելու յարմարութիւն ունի, եթէ կ՛ուզէ ձեզի ընկերանալ, սիրով զինք ալ գնումի կը տանիք…

Երեխաները սովորաբար կը սիրեն իրենց մօր հետ ժամանակ անցընել, եւ վստահաբար կարելին պիտի ընէ ձեզ գոհացնելու:

Հակառակ Պարագային

Եթէ հակառակ իր խոստումներուն ձեր փոքրիկը խանութին մէջ փոխեց իր ընթացքը, դարձեալ հոն յարմար վայրը չէ իր խոստումները յիշեցնելու կամ զինք դաստիարակելու:

Տուն վերադարձին երկուքով հանդարտելէ ետք եւ առանց կիրքի անոր կը բացատրէք գործած յանցանքին մասին եւ ձեր հայեցողութեամբ պատիժ մը կը սահմանէք:

Պատիժը կրնայ ըլլալ ամբողջ շաբաթ մը միասին տեղ չերթալը, ամբողջ ամիս մը նոր խաղալիք չգնելը եւ այլն…

Յանդիմանութիւնը, պատիժը պէտք է ըլլան վերջին հանգրուանին, երբ երկուքով զրոյցը զգուշացումներն ու խոստումները արդիւնքի չյանգին:

 

Կին Դէմքեր

Ճէյն Ֆոնտա 74 Տարեկան…

28 տարի առաջ անուանի դերասանուհի Ճէյն Ֆոնտա իր անունին շուրջ ստեղծեց նոր հետաքրքրութիւն մը` շուկայ իջեցնելով այրոպիքսի տեսերիզ մը, որուն շնորհիւ` կիները տան մէջ պիտի կարենային մարզանք ընել եւ պահպանել իրենց ֆիզիքական եւ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը:

Այսօր, 74 տարեկանին Ֆոնտա հրապարակ իջեցուցած է նոր տեսերիզ մը` դարձեալ այրոպիքսի մարզանքներու, բայց այս անգամ` 60-ը թեւակոխած կիներուն համար:

Ֆոնտա իր ճառագայթող գեղեցկութիւնը եւ բարեձեւութիւնը կը վերագրէ մարզանքին, առողջ սննդականոնին եւ մասամբ` ժառանգական տուեալներու:

Ինչ կը վերաբերի մարզանքին, դերասանուհին կ՛ըսէ, որ պայման չէ մարզանքի ակումբներ յաճախել մարզանք ընելու համար: Ոեւէ կին տան մէջ կրնայ շաբաթը չորս անգամ կէսական ժամ մարզանք ընել իր ճկունութիւնն ու բարեձեւութիւնը պահպանելու համար:

Ինչ կը վերաբերի ուտելիքներուն, Ֆոնտա նախապատուութիւնը կու տայ մութ գոյնի պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն` նարինջ, ստեպղին, թութ, շոմին, կարմիր կաղամբ եւ այլն…

Վերջապէս, Ճէյն Ֆոնտա կը թելադրէ բոլոր կիներուն, որպէսզի ընդունին եւ լաւապէս ապրին իրենց տարիքը, որովհետեւ իւրաքանչիւր տարիք ունի իր քաղցրութիւնը եւ, վերջին հաշուով, կարելի չէ տարիքը պահել եւ արուեստական միջոցներով ժամացոյցին սլաքները դէպի ետ տանիլ:

 

Տան Յարդարանք

Ինչպէ՞ս Օգտագործել Հին
Կահոյքի Մը Գզրոցները

Եթէ գզրոցներով օժտուած ձեր հին կահոյքը պիտի փոխարինէք ուրիշով մը, նախքան թափելու կամ ուրիշին տալու մասին մտածելը` փորձեցէք զանոնք օգտագործել բոլորովին տարբեր ձեւով, տարբեր նպատակի համար:

Նախ եւ առաջ զանոնք մաքրեցէք աւազաթուղթով` ներկը մաքրելու համար, ապա անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկեցէք գոյն մը եւ, վերջապէս, հաստատեցէք պզտիկներուն սենեակին, խոհանոցին, պատշգամին կամ բաղնիքին պատի վրայ` ձեր ուզած բարձրութեամբ եւ դիրքով եւ մէջը զետեղեցէք գիրք, գեղօր, պնակեղէն, անձեռոց, թաղար եւ այլն…

 

 

Հետաքրքրական

Քարերու Լեզուն
Սուտակ

Կարմրագոյն այս քարը առատութեան, հարստութեան եւ կենսունակութեան քարն է: Անիկա կը խորհրդանշէ` կրակը, հաւատարմութիւնը, քաջութիւնը, սէրը, երիտասարդութիւնը, կիրքն ու բարեգործութիւնը:

Ինչպէս շատ մը քարեր, սուտակն ալ ունի բուժիչ յատկութիւններ. անիկա կը մաքրէ մարմինը թունաւոր նիւթերէ եւ կ՛աշխուժացնէ երիկամներուն գործունէութիւնը:

Կը թելադրուի զայն կրել որպէս մատանի եւ կամ զարդասեղ:

Թանկագին Քարերու Խորհուրդը

Թանկարժէք եւ ոչ կիսաթանկարժէք քարերը, ինչպէս ըսինք, ունին յատուկ կարողութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի է լաւ զգալ, հանդարտիլ կամ վերաշխուժանալ:

  • Յունարէն «լիթա» կը նշանակէ քար, իսկ «լիթոթերափիա»` քարերու միջոցով մարմնի վերահաւասարակշռում եւ ներդաշնակում:
  • Կապոյտ քարերը կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը, կ՛աշխուժացնեն ուղեղը եւ ստեղծագործական միտքը:
  • Փերուզը կը հանդարտեցնէ ջղային համակարգը:
  • Կանաչագոյն քարերը կը հաւասարակշռեն կրողը, նաեւ ներդաշնակութիւն եւ երջանկութիւն կը պարգեւեն:
  • Կարմիր գոյնի քարեր պէտք չէ կրեն ջղագրգիռ անձերը:
  • Դեղին քարերը կ՛աշխուժացնեն մարմինը եւ կը չէզոքացնեն յոգնութիւնը:

 

Խոհագիր

Սեւ Կեռասի Օշարակ

Բաղադրութիւն
4 գաւաթ շատ պաղ ջուր
4 ապուրի դգալ սեւ կեռասի անուշ
Սառի խորանարդներ

Սեւ կեռասի անուշ
1 քկ. սեւ կեռաս` կուտը հանուած
3/4 քկ. շաքար
1/2 թէյի տափակ դգալ կիտրոնի աղ

Պատրաստութիւն
Խառնել 4 ապուրի դգալ կեռասի անուշը` 4 գաւաթ շատ պաղ ջուրին հետ:

Դնել սառի խորանարդները եւ հիւրասիրել շատ պաղ վիճակի մէջ, սառնարանէն:

Անուշի պատրաստութիւն
Կեռասն ու շաքարը միասին խառնել կերպընկալէ խորունկ ամանի մը մէջ եւ մէկդի ձգել 10-12 ժամ կամ ամբողջ գիշեր:

Դնել այս խառնուրդը կաթսայի մէջ եւ միջակ կրակի վրայ եփել, մինչեւ որ պղպջակներ կազմուին եւ ջուրը թանձրանայ:

Աւելցնել կիտրոնի աղը եւ բոլորը միասին խառնել ու եփել 2-3 վայրկեան եւս: Հանել կրակին վրայէն եւ մէկդի ձգել, որ ամբողջովին պաղի: (Շեպ կարելի  է գործածել 1 կաղինի մեծութեամբ):

Պարպել պատրաստուած անուշը ապակիէ շիշին մէջ, գոցել կափարիչը եւ ձգել` մինչեւ հիւրասիրութեան ժամանակ:

ԾԱՆՕԹ.- Այս անուշը կարելի է փոքր կեռասով (բալ, ֆիշնէ) ալ պատրաստել, որ կը գտնուի Սուրիոյ մէջ եւ սովորական կեռասէն աւելի փոքր է չափով: Բալի անուշ պատրաստելու համար 1 քկ. բալին պէտք է 1 քկ. շաքար:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Պատուհանիս Տակ

Պատուհանիս տակ անձրեւ է մաղւում,
Իսկ ես չե՜մ յուզւում անձրեւից արդէն.

Ծիածաննե՛ր են դէմից ծիծաղում,
Բայց չե՜ն հմայում նրանք ինձ արդէն.

Շուտով գուցէ եւ արե՛ւը ծագի,
Բայց ես դրանից չե՜մ ուրախանում.

Լի՞  օր է այսօր, տօ՞ն, թէ՞ կիրակի`
Մէ՜կ է ինձ համար, ես չեմ իմանում.

Ո՞ւմ համար եմ ես այս երգը… հինում,
Կա՞յ մէկը, որին նա պէ՛տք է գալու…

Մեր տան առաջ ճամբա՛յ են շինում,
Իսկ ես… տեղ չունե՜մ արդէն գնալու:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՒՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement