«Ազդակ»-ի Լրագրողը Կը Մասնակցի «Սփիւռքի Լրագրողներու Դասընթացք»-ին
By adminx - Wed Jul 04, 7:16 am
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print
Երկրորդ տարին ըլլալով սփիւռքի նախարարութիւնն ու Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքը համատեղ կը կազմակերպեն երիտասարդ լրագրողներու դասընթացք: Ինչպէս առաջին տարին, այս տարի եւս «Ազդակ» կը մասնակցի այս դասընթացքներուն իր ներկայացուցիչով: Հայրենական լուրերու բաժինի աշխատակից, «Ազդակ»-ի երիտասարդ լրագրողներէն Նարէ Գալեմքերեան արդէն մեկնած է Երեւան` 9-21 յուլիսին տեղի ունենալիք դասընթացքին մասնակցելու համար: Դասախօսութիւնները ներառած են հետեւեալ երեք ուղղութիւնները.
- Հայ-թուրքական յարաբերութիւններ արդի փուլում:
- Հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններ:
- Ցեղասպանագիտութիւն:
Մասնակցողները կարելիութիւն պիտի ունենան տեսական եւ գործնական գիտելիքներ ստանալու` Հայաստանի եւ սփիւռքի փորձառու լրագրողներէն, պետական-հասարակական գործիչներէն եւ ծանօթանալու` Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական հիմնախնդիրներուն:
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print



