Sunday May 19, 2013

Ստորագրահաւաք` Ռուբէն Հայրապետեանի Հրաժարականը Պահանջող

By adminx - Wed Jul 04, 6:07 am

Ռուբէն Հայրապետեան

Հայկական «Ա1 փլիւս» կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ change.org միջազգային կայքէջը սկսած է ստորագրահաւաքի մը` Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեանին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնէն հեռացնելու համար:

Եու. Է. Էֆ. Ա.ին եւ ՖԻՖԱ-ին ուղղուած նամակին մէջ ստորագրահաւաքը նախաձեռնողները կը գրեն.

«17 յունիս 2012-ին «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջադէպ մը: Այդ միջադէպին պատճառով 29 յունիսին մահացաւ 33 տարեկան բժիշկ Վահէ Աւետեանը, որ հայր է երկու զաւակներու»:

«Նախորդ տարի, լրագրողներու հետ տարբեր հանդիպումներու ընթացքին, Ռուբէն Հայրապետեան բազմաթիւ առիթներով ունեցած է անյարգալի վերաբերմունք` ինքզինք նկատի առնելով օրէնքէն վեր, հրապարակաւ ընդունելով, որ կը ծեծէ եւ կը սպառնայ մարդոց»:

«Ռուբէն Հայրապետեան կը հրաժարի Վահէ Աւետեանի մահուան մէջ իր ունեցած պատասխանատուութենէն, հակառակ անոր որ այդ ճաշարանը իրեն կը պատկանի եւ անոր թիկնապահներն էին, որոնք ծեծած էին բժիշկը: Ան այդ անձը չէ, որ պէտք է մնայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին վրայ, մարզաձեւ մը, որ բոլորը իրարու մօտ կը համախմբէ: Ան շուտով պէտք է ներկայացնէ իր հրաժարականը»:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.ի եւ ՖԻՖԱ-ի յարգելի պատասխանատուներ, ձեզմէ կը խնդրենք, որ այս անձը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնէն հեռացնէք»:

Երէկուան դրութեամբ ստորագրահաւաքին մասնակցած է 2950-է աւելի մարդ: Կը պահանջուի նուազագոյնը 4000 ստորագրութիւն:

 

Leave a Reply

Advertisement