Wednesday May 22, 2013

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները 10 Յուլիսին Պաքու, Ապա Երեւան Պիտի Այցելեն

By adminx - Wed Jul 04, 7:51 am

Իկոր Փոփով

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան Մոսկուայի թղթակիցին յայտնած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները` Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Ժաք Ֆոր(Ֆրանսա), Իկոր Փոփով( Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք Հայաստան եւ Ազրպէյճան պիտի այցելեն:

Ըստ անոր, անոնք առաջին անգամ պիտի այցելեն Պաքու, «որմէ ետք մենք պիտի այցելենք ղարաբաղեան շրջան, որմէ ետք ալ պիտի ուղղուինք Երեւան»:

Ըստ Փոփովի, այցելութեան ծիրին մէջ իրենք հանդիպումներ պիտի ունենան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն ու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին 17 յունիսին արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին տեղի ունեցած փարիզեան հանդիպումին արդիւնքները, ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւններու ներկայ վիճակն ու հեռանկարները:

Leave a Reply

Advertisement