«Ռուսական Զինուորական Արտադրութեան Արտածման Ծաւալը Շրջանցեց 5.6 Միլիառ Տոլարը» Կը Յայտարարէ Փութին
By adminx - Wed Jul 04, 7:27 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ ռուսական զինուորական արտադրութեանց արտածումը 2012-ի առաջին կիսուն ընթացքին շրջանցած է 5.6 միլիառ տոլարը, ինչ որ 14 առ հարիւրով աւելի է, քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանը:
Փութին Սոչիի մէջ զինուորական թեքնիք գործակցութեան յանձնախումբի ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ ռուսական զէնքերու պահանջը շուրջ 43 միլիառ տոլար է, իսկ այս տարուան սկիզբէն ի վեր ստորագրուած նոր համաձայնագիրներուն ծաւալը հասած է 5.7 միլիառ տոլարի, ինչ որ 2.4 միլիառ տոլարով կը գերազանցէ 2011-ի նոյն ժամանակաշրջանին ընթացքին արձանագրուած ծաւալը:
Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ ռուսական զինուորական արտադրութիւններու սպառումին ծաւալը վերջին եօթը տարուան ընթացքին կրկնապատկուած է, անիկա 2005-ի 6 միլիառէն 2011-ին բարձրացած է 13 միլիառի:
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print




