Ըստ «Մասրի Եոմ»-ի Եգիպտոսի Նոր Կառավարութիւնը Պիտի Յայտարարուի Երկու Շաբաթէն
By adminx - Wed Jul 04, 7:26 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի մօտիկ աղբիւրներ «Մասրի Եոմ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ներկայ վարչապետ Քամալ Ժանզուրիի կառավարութիւնը պիտի չգործէ երկու շաբթուընէ աւելի, որովհետեւ մինչ այդ նոր կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները պիտի աւարտին: Կը նախատեսուի, որ նախարարներուն թիւը 32-էն 28-ի նուազի, իսկ Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան աթոռներուն թիւը 50 առ հարիւրը պիտի չշրջանցէ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Մուրսի իր օգնական խմբակէն պահանջած է վարչապետի պաշտօնի ստանձնման համար բանակցիլ կարգ մը անուններու հետ` նշելով, որ նորընտիր նախագահը վարչապետի պաշտօնի ստանձնման համար երեք անուններ կը նախընտրէ, սակայն ոչ Մոհամետ Պարատէին կամ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ֆարուք Աքտան: Աղբիւրը կը յայտնէ, որ ներքին գործոց, հողագործութեան, զբօսաշրջութեան եւ պաշտպանութեան ներկայ նախարարները հաւանաբար պահեն իրենց պաշտօնները:
Եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Մուրսի ամենայն գաղտնապահութեամբ կը շարունակէ նոր կառավարութեան կազմութեան համար եգիպտական քաղաքական ուժերու առաջարկներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները: Լաւատեղեակ աղբիւրներ օրաթերթին կը հաղորդեն, որ ներկայիս վարչապետի անունին եւ կառավարութեան մէջ քաղաքական ուժերուն բաժին ինկող աթոռներուն շուրջ բանակցութիւններ կը կատարուին: Ըստ նշեալ աղբիւրներուն, վարչապետին անունին մասին խօսելու համար տակաւին կանուխ է:
Սալաֆական Նուր կուսակցութենէն աղբիւրներ «Ահրամ»-ին յայտնեցին, որ սալաֆական ղեկավարներ հանդիպում պիտի ունենան նախագահ Մուրսիի հետ` նոր կառավարութեան մէջ կուսակցութեան աթոռներու բաժինին մասին խորհրդակցելու համար:
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print




