Թուրքիոյ Մէջ Լրտեսութեամբ Մեղադրուող Յաւելեալ 54 Զինուորական Ձերբակալուած Է
By adminx - Wed Jul 04, 7:23 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
Իզմիրի դատախազութիւնը մարմնավաճառներու միջոցով զինուորական տեղեկութիւններ ստանալու գործով հերթական զանգուածային ձերբակալութիւնը կատարած է:
Ձերբակալուած են 54 զինուորականներ: Լրտեսները բացայայտելու լայնածաւալ գործողութիւնը տեղի ունեցած է նահանգի 13 բնակավայրերուն մէջ:
Ասիկա այս գործով ձերբակալուածներու 5-րդ ալիքն է: Ձերբակալուած զինուորներէն 25-ը սպաներ են: Ընդհանուր առմամբ, գործի ծիրին մէջ արդէն կալանաւորուած են 68 անձեր:
Բացայայտուած խումբը մարմնավաճառներու եւ շանթաժի միջոցով գաղտնի տեղեկութիւններ ստացած է տասնեակ մը թուրք սպաներէ:
Խումբի անդամները թուրք զինուորականներու համար երեկոյթներ կազմակերպած են մարմնավաճառներու մասնակցութեամբ: Անոնք նկարուած են, ապա իբրեւ շանթաժի միջոց ծառայած են զինուորականներէն գաղտնի տեղեկութիւններ ստանալու համար:
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print



