«Վանայ Ձայն»-ի Կազմակերպութեամբ` Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի «Քնարային Եւ «Հայու Ոգի» Ձայնասկաւառակներու Շնորհահանդէս
By adminx - Wed Jul 04, 7:18 am
- 0 Comments
- 181 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին երէկ` երեքշաբթի, 3 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի «Քնարային» ու «Հայու ոգի» ձայնասկաւառակներու եւ «Մեծարենցեան տաղեր» խտասալիկի շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկի սկիզբը ներկաները դիտեցին «Մեծարենցեան տաղեր» խտասալիկէն բանաստեղծական երկու ասմունքներ:
«Վանայ ձայն»-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ յայտնեց, թէ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան աւելի քան տասնամեակ մը «Վանայ ձայն»-ի ունկնդիրներուն պարգեւեց արուեստի բարձրորակ կատարումներ` իր «Քնարային» եւ «Բարի լոյս» յայտագիրներով: Իր բանաստեղծական ընթերցումներով ան փոխանցեց իր խոր ապրումները:
Ապա խօսք առաւ Ժիրայր Դանիէլեան, որ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ասմունք` աւելցնելով, որ կար ժամանակ, երբ լիբանանահայութեան մէջ գոյութիւն ունէին «տոկուն» ասմունքողներ, մինչ այսօր հազիւ քանի մը մատներու վրայ կարելի է հաշուել իսկական ասմունքողները: Իսկ Իրման իր ձայնասկաւառակներուն պարագային ընտրած է տարբեր բանաստեղծութիւններ եւ յաջողած է հանրածանօթ բանաստեղծական գործերուն տալ արուեստի կայծ ու մակարդակ:
«Իրմային գործը միայն ասմունքել չէ, այլեւ հեղինակներուն ապրումներուն, մտածումներուն թափանցելու, անոնց խորքը պեղելու եւ այդ բոլորը ստեղծագործ ճիգով փոխանցելու արժանիքը կը պահանջուի անկէ», նշեց Ժ. Դանիէլեան` աւելցնելով, որ «Իրման ճկուն ձայնի ելեւէջներուն վարպետութիւնը ունի եւ հայոց լեզուի նրբութիւններուն տիրապետելու շնորհքը»:
«Լաւ կամ վատ ասմունքող գոյութիւն չունի», ըսաւ Ժիրայր Դանիէլեան` աւելցնելով, որ կայ արուեստագէտ ասմունքողը, որ լաւագոյնս կը բնորոշէ Իրմա Գ. Տէտէեանը:
Օրուան 2-րդ բանախօսը Սեդա Խտըշեանն էր: Ան իր խօսքին առաջին բաժինով անդրադարձաւ ասմունքին` յայտնելով, որ ասմունքը խօսքի արուեստն է, որ գեղարուեստ ալ է միեւնոյն ժամանակ: Անդրադառնալով Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի արուեստին` ան յայտնեց, որ ան դիւրութեամբ տիրապետած էր լեզուի արուեստին, իմաստին, խորքին, բանաստեղծի տիրական ապրումներուն. ձայնի եղանակաւորումով, բառերու յստակ, գեղեցիկ առոգանութեամբ կը փոխանցուին բանաստեղծին պատգամը:
«Իրմա իր նիւթը լաւապէս ուսումնասիրելէ եւ մարսելէ ետք է, որ կը ներկայացնէ բանաստեղծութեան փիլիսոփայութիւնը` բանալով բանաստեղծին հոգիին ծալքերը եւ արժանանալով ունկնդիրին հիացմունքին», ընդգծեց Սեդա Խտըշեան` նկատել տալով միաժամանակ, որ հետզհետէ անհետացող այս արուեստը պէտք է ամէն գնով վերականգնել` յիշեցնելով, որ լիբանանահայ գաղութը բազմաթիւ տաղանդաւոր ասմունքողներ ունեցած է:
Վերջապէս Սեդա Խտըշեան գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը` մաղթելով, որ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ունենայ իր հետեւորդները, որպէսզի գեղարուեստական ճաշակը փոխանցուի նոր սերունդներուն` նշելով, որ «Վանայ ձայն»-ը հոյակապ միջավայրն է այս ճաշակը փոխանցելու:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Զաքար Քէշիշեան, որ յայտնեց, թէ ասմունքի արուեստը մեր իրականութեան մէջ գրեթէ անտեսուած եւ մոռցուած մարզ մըն է` շեշտելով, որ մենք ունինք երգչախումբեր, պարախումբեր, նուագախումբեր, թատրոն եւ գեղանկարիչներ, սակայն գրականութեան մարզը կը մնայ խոցելի, եւ նոր սերունդին մօտ գրականութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծ նահանջի մէջ է, մինչ այս նախաձեռնութեան ամէնէն կարեւոր առաքելութիւնը երիտասարդներուն ուղղուած է` աւելցնելով, որ ձայնասկաւառակ եւ խտասալիկ պատրաստելը մէկ բան է, իսկ տարածելը` ուրիշ բան:
«Այստեղ կանգ չ՛առներ աշխատանքը, որովհետեւ աշակերտները պէտք է լսեն այն բանաստեղծութիւնները, որոնք իրենց փոքր տարիքին պէտք էր սորված ըլլային, եւ ինչ լաւ է, որ անոնք կը ներկայացուին հաճելի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ», ըսաւ Զաքար Քէշիշեան յոյս յայտնելով, որ այս բոլորը գրականութեան նկատմամբ սէր եւ հետաքրքրութիւն յառաջացնեն: Խօսելով Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի ընտրած բանաստեղծութիւններուն մասին` ան յատկապէս գնահատեց արեւմտահայ բանաստեղծներու երկերու ընտրութիւնը, որ կատարուած է բծախնդիր կերպով:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Գեղանի Էթիեմեզեան, որ յայտնեց, թէ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի «Մկրտութիւնը» դժուար եղաւ, որովհետեւ օրին գոյութիւն ունէր խստապահանջ եւ նոյնիսկ փոքրագոյն սխալները չներող սերունդ մը իսկ ան հազիւ 18 տարեկան հասակին բեմ կը բարձրանար ու կ՛արտասանէր ինքնավստահ եւ հանգիստ կերպով:
«Իրման սիրեց հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ այս սիրոյն ընդմէջէն հաղորդակից դարձաւ բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն հայ գիրն ու գրականութիւնը», ըսաւ Գեղանի Էթիեմեզեան: Անդրադառնալով ձայնասկաւառակներուն` ան նշեց, որ անոնք հրաշալի երաժշտութեամբ կը ներկայացնեն ասմունքողին տարիներու վաստակը:
Այնուհետեւ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Վանայ ձայն»-ի եւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի գործակցութեան այս վերջին տարեշրջանին միացած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, որ ան իր այցելութիւններուն ընթացքին դպրեվանքի աշակերտներուն փոխանցած է իր փորձառութիւնը:
«Իրմայով մենք բանաստեղծութեան արուեստի կրկնակի վայելքը կ՛ապրինք: Նախ գրուած բանաստեղծութեան, ապա` մատուցուած բանաստեղծութեան», ըսաւ սրբազանը` աւելցնելով, որ տարբեր է բանաստեղծութիւն կարդալը եւ տարբեր է զայն լսելը զգացումով պարուրուած, եւ Իրման յաջողեցաւ այդ բոլորը ընել առանց բեմ ելլելու, այլ նկարի ու ձայնի ճամբով` հաղորդակից դարձնելով իր ներաշխարհին:
Նարեկ սրբազան այս առիթով բարձր գնահատեց Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի վաստակը` մաղթելով, որ տարածուի այդ վաստակը եւ աւելի խորանայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Սրբազանը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց նաեւ «Վանայ ձայն»-ին որ այս առիթը ընծայեց միասնաբար վայելելու գինեձօնի երջանիկ պահը:
Աւարտին Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան եւ խօսք առնողները կատարեցին գինեձօնը:
Վերջապէս, իր խօսքը փոխանցեց Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, ձայնասկաւառակներու եւ խտասալիկի պատրաստութեան օժանդակած անձերուն, օրուան բանախօսներուն` իրենց արտասանած խօսքերուն համար: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ իր ընտանիքի անդամներուն, յատկապէս ամուսնոյն` Խաչիկ Տէտէեանին, եւ բոլորին` իրենց ներկայութեան համար: Ան այս շնորհահանդէսը նկատեց հայ բանաստեղծութեան եւ ասմունքի շնորհահանդէսը` մաղթելով, որ իրեն օրինակին հետեւողներ ըլլան, որպէսզի արուեստի այս մարզը ոչ միայն շարունակուի, այլեւ աւելի լաւ ձեւով շարունակուի:
Շնորհահանդէսի աւարտին Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան մակագրեց իր ձայնասկաւառակներն ու խտասալիկները:
- 0 Comments
- 181 views
- Tweet
Email
Print



