Sunday May 19, 2013

Աւելի Քան Հինգ Հազար Հանդիսատեսներու Ներկայութեան «Ռետ Պուլ Քար – Փարք Տրիֆթ»-ի Ախոյեան Հանդիսացաւ Ֆիրաս Խըտտաժ

By adminx - Tue Jul 03, 6:08 am

Շաբաթ, 30 յունիսին, Ժունիէ Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2012-ի «Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆթ»-ի մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանցի 24 վարորդներ:

Աւելի քան հինգ հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան լաւագոյն արդիւնքը արձանագրելով եւ ամէնէն շատ կէտը ապահովելով (286 կէտ) առաջին հանդիսացաւ Ֆիրաս Խատտաժ: Այժմ ան Լիբանանը պիտի ներկայացնէ շրջանային նոյն մրցաշարքին, որ հաւանաբար տեղի ունենայ Յորդանանի մէջ:

Սկզբունքով անիկա նախորդ տարիներուն նման տեղի պիտի ունենար Լիբանանի մէջ, սակայն երկրին ապահովական կացութիւնը արգելք հանդիսացաւ անոր կայացման:

Խատտաժ, որ երկու տարի առաջ տիրացած էր այս միջազգային «Տրիֆթ»-ին, յոյս ունի, որ Լիբանանը դարձեալ ներկայացնելով պիտի յաջողի տիտղոսը վերադարձնել Լիբանան:

Անոր ետին երկրորդ դիրքը 281 կէտով գրաւեց Ժատ Հիմօ, իսկ Միշել Զըղէյպ 276 կէտով` երրորդ դիրքը: Ապա յաջորդաբար չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը գրաւեցին Ֆատի Պուսթանի (269 կէտ) եւ Պասսամ Զահլան (267 կէտ):

 

 

Leave a Reply

Advertisement