Tuesday May 21, 2013

Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Նախագահները Հանդիպում Ունեցան

By adminx - Tue Jul 03, 8:01 am

Աշխատանքային այցելութեամբ Ուքրանիոյ մէջ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի հետ:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ-ուքրանական երկկողմանի յարաբերութեանց, ներառեալ` առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նկատի ունենալով, որ 2013 թուականին Ուքրանիան պիտի ստանձնէ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը, նախագահները քննարկեցին նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջագիծին մէջ համագործակցութեան եւ Ուքրանիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Leave a Reply

Advertisement