Thursday May 16, 2013

Բազմահազար Հայորդիներ Մասնակցեցան Բժիշկ Սպայ Վահէ Աւետեանի Յուղարկաւորութեան

By adminx - Tue Jul 03, 7:58 am

35-ամեայ զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի յուղարկաւորութիւնը, հակառակ պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկին` կազմակերպելու «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Զէյթունի քաղաքացիական գերեզմանոցին մէջ:

Բազմահազարանոց սուգի թափօրին մասնակիցները ո՛չ միայն Վահէ Աւետեանը ճանչցողներն էին, այլ նաեւ մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ, քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ եւ Հայաստանի քաղաքացիներ:

Ներկաներուն մէջ էին դերասան Սօս Սարգսեան, գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւորներ, ՀՅԴ-ի անդամներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնց մէջ էր նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրով:

Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, մահուան թափօրի մասնակիցները լուռ երթով շարժեցան դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութիւն:

Նշենք, որ այսօր լռութեան օր յայտարարուած է, իսկ վաղը տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին դիմաց

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

«Կը պահանջենք պատժել «Հարսնաքար»-ի մէջ տեղի ունեցածի բոլոր մեղաւորները» «ֆէյսպուք»-ի միջոցով սկսած նախաձեռնութեամբ 1 յուլիսին բազմաթիւ քաղաքացիներ մասնակցած են «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ դաժան ծեծի պատճառով մահացած կեդրոնական ռազմական հիւանդանոցի բժիշկ Վահէ Աւետեանի հոգեհանգիստի արարողութեան:

Անոնք համախմբուած են Զեյթուն թաղամասի շուկային մօտ, ուրկէ լուռ երթով ուղղուած են մինչեւ Վահէ Աւետեանի տունը: Փողոցը ամբողջութեամբ փակ էր: Հոն էին բարձրաստիճան զինուորականներ, քաղաքական գործիչներ, քաղաքացիներ:

Համագործակցութեան Դադրեցում`
«
Հարսնաքար»-ի Հետ

Կովկասի մեծագոյն համացանցային զբօսաշրջութեան գործակալութիւնը` Ginosi.com-ը, ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է իր համագործակցութիւնը «Հարսնաքար» ճաշարանին հետ` հոն տեղի ունեցած զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի դաժան ծեծի ենթարկուելուն եւ անոր մահուան լոյսին տակ:

Ընկերութիւնը այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ դիտել տուած է. «Ըլլալով ընկերային պատասխանատու ընկերութիւն, մենք որոշած ենք ժամանակաւորապէս դադարեցնել «Հարսնաքար» ճաշարանի ներառումը ginosi.com կայքէջի պանդոկներու ցանկին մէջ, մինչեւ որ հետաքննութիւնը իր աւարտին հասնի եւ յստականայ, թէ ի՛նչ է 17 յունիսի գիշերը «Հարսնաքար»-ի մէջ տեղի ունեցածին պատճառը, որուն իբրեւ հետեւանք Վահէ Աւետեանը մահացաւ»:

«Չենք կարծեր, որ անիկա պիտի խանգարէ ginosi.com-ի առեւտուրը, քանի որ յաճախորդները կրնան Սեւանի ափերուն այլընտրանքային այլ պանդոկներու դիմել եւ ընտրել», կը հաստատէ հաղորդագրութիւնը:

Ginosi.com-ը Կովկասի մէջ զբօսաշրջային մեծագոյն ընկերութիւնն է, որ ներկայացուած է Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement