Monday May 20, 2013

«Սուրիոյ Մէջ Մեր Միակ Խօսակիցները Սուրիացի Ժողովուրդն Ու Ընդդիմութիւնն Են» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

By adminx - Tue Jul 03, 7:41 am

Սուրիական ընդդիմութեան զօրակցող երկիրներու ներկայացուցիչներ` Գահիրէի ժողովին

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ֆաթեհ Նասիրի Պոլսոյ մէջ Թուրք-արաբական տնտեսական համախմբումի ժողովին ծիրին մէջ յայտնած է, որ «Սուրիոյ մէջ հարցերը նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին ի վնաս կ՛ընթանան»:

Ան աւելցուցած է, որ «Սուրիոյ մէջ ստեղծուած քաոսին պատճառը Սուրիոյ կեցուածքը եւ տեղական ու միջազգային հաւասարակշռութիւններն են»` նշելով, որ Ժընեւի ժողովին Ռուսիոյ եւ Չինաստանի մասնակցութեան ընթացքին հաստատ հաւասարակշռութիւն մը նկատի առնուեցաւ, իսկ Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը չմասնակցեցան ժողովին:

Նասիրի նշեց, որ «Ասատի վարչակարգը բախումի քաղաքականութեան կը հետեւի, ինչ որ մօտակայ երկիրներուն նեղութիւն կը պատճառէ: Անիկա պատճառ դարձաւ թրքական հետախուզական օդանաւի մը ջախջախման եւ կը փորձէ երկրին մէջ յարանուանական լարուածութիւնը բարձրացնել»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ ողջունեց Ժընեւի մէջ «Սուրիոյ համար աշխատանքային խմբակ»-ի շաբաթ օր գումարուած ժողովին արդիւնքները:

Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութեան մագլցումին եւ տագնապին շրջանին մէջ տարածուելուն վտանգը վերջին օրերուն աւելցաւ, ուստի կ՛ողջունեմ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով պատուիրակ Քոֆի Անանի` Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու եւ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի սկսելու համար շարունակական ջանքերը»: Ան յիշեցուց, որ «Գերմանիա ամբողջական կերպով կը զօրակցի այս ուղղուածութեան»:

Վեսթերֆելէ նշեց, որ Ժընեւի ժողովը յստակօրէն արտայայտեց միջազգային ընտանիքին հասարակաց փափաքը` հասնելու Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծումի մը, որուն հիմքը Անանի ծրագիրի վեց կէտերն են: Ան աւելցուց, որ «կը նախատեսենք, որ Ռուսիա Դամասկոսի վրայ իր ազդեցութիւնը բանեցնէ, որպէսզի բռնարարքները վերջ գտնեն եւ բանակցութեան հաւաստի հոլովոյթ մը սկսի»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ յուլիսի երկրորդ կիսուն հանդիպում մը պիտի ունենայ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտայի հետ: Ան նշեց, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նորընտիր նախագահը Մոսկուա հրաւիրուած է` յոյս յայտնելով, որ այդ այցելութիւնը տեղի ունենայ 10 յուլիսէն ետք: «Կը յուսանք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի աշխատանքային ժամանակացոյցը հանդիպումը կարելի դարձնէ»:

Պոկտանով նաեւ յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութենէն Միշել Քիլոյի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը 4 եւ 5 յուլիսին Մոսկուա պիտի այցելէ: Ան նշեց, որ Մոսկուա սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներուն հետ աշխուժօրէն պիտի աշխատի` նկատել տալով միաժամանակ, որ «ասիկա կարեւոր է ոչ միայն ամբողջական տեղեկութիւններ ստանալու, այլ նաեւ բոլոր կողմերը շինիչ միջոցներ որդեգրելու հրաւիրելու… »: Ան Քոֆի Անանի ծրագիրը գործադրելու համար առաւելագոյն ջանք թափելն ու Ժընեւի Սուրիոյ հարցով աշխատանքային խմբակի ժողովը ընդլայնելը կարեւոր նկատեց:

Մոսկուայի մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը իր կարգին հաստատեց, որ Քոֆի Անան յուլիս ամսուան կիսուն Ռուսիա պիտի այցելէ:

Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմութիւնը երէկ Գահիրէի Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ ժողով մը գումարեց` մասնակցութեամբ օտար հիւրերու: Անանի տեղակալ Նասեր Քըտուա ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ վերջին դէպքերուն պատճառով Սուրիոյ մէջ տնտեսական անկում արձանագրուած է` նշելով, որ «Սուրիա խորապէս կ՛ազդէ իր արաբական շրջապատին եւ անկէ կ՛ազդուի»:

Քըտուա սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց իրեն նկատմամբ սուրիացի ժողովուրդին վստահութիւնը ամրապնդելու վրայ եւ միեւնոյն ժամանակ միջազգային զօրակցութիւն ապահովելու համար իր կեցուածքը միաւորելու:

Ան ըսաւ, որ Ժընեւի ժողովը Սուրիոյ ապագային նկատմամբ դէպի յառաջ կատարուած կարեւոր քայլ մըն է` նշելով, որ երկու կողմերուն միջեւ զինադուլի հաստատման առաջին քայլը սպանութիւնն ու արիւնահեղութիւնը դադրեցնելն է: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին համար միասնաբար գործելու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին յայտնեց, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, բռնատիրական վարչակարգի մը իր ժողովուրդէն վրէժ լուծելուն արդիւնքն է: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա սկիզբէն ի վեր սուրիացի ժողովուրդին եւ յեղափոխութեան զօրակցեցաւ` շեշտելով, որ սուրիական վարչակարգը իր օրինականութիւնը կորսնցուց եւ տրամաբանութենէն շատ հեռացաւ:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ մեր միակ խօսակիցները սուրիացի ժողովուրդն ու ընդդիմութիւնն են»` աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ դռները սուրիացի գաղթականներուն առջեւ միշտ բաց պիտի մնան»:

Տաւութօղլու խօսքը սուրիական ընդդիմութեան ուղղելով յայտնեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը ձեզմէ միասնականութեան պատգամ կը սպասէ»:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովը կը փորձէ ձերբազատիլ ամբողջատիրական վարչակարգէ մը, որ իր ժողովուրդին ապահովութեամբ չէ հետաքրքրուած` աւելցնելով, որ «մենք Իրաքի մէջ մեր փորձառութենէն գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ բռնաճնշումի վարչակարգերուն դէմ դնել»:

Ան շեշտեց, որ հետաքրքրութեան առաջին առանցքը պէտք է ջանքերու միատեղումն ու ընդդիմութեան ամբողջական կերպով ներկայացուած ըլլալն է:

Իրաքի դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Իրաքի կեցուածքը չէզոք չէր, այլ սուրիացի ժողովուրդին կողքին կանգնեցաւ»` աւելցնելով, որ «սուրիացիներուն նկատմամբ հոգատար չենք, սակայն մեր ամբողջ ջանքը պիտի թափենք Սուրիոյ մէջ իշխանութեան ժողովրդավարական շրջադարձի սիրոյն»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Քամել Ամրօ Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի անունով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող արեան բաղնիքը` շեշտելով, որ «Եգիպտոսի դուռը միշտ բաց է եղբայրական Սուրիոյ զաւակներուն առջեւ»:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքայիններու սպանութիւնները անմիջապէս դադրեցնելու եւ սուրիացի ժողովուրդին միասնականութիւնը պահպանելու: Ան սուրիացի ժողովուրդի պայքարին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց:

Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Սուրիոյ միութիւնն ու ապահովութիւնը կարմիր գիծեր են»` շեշտելով, որ «պահանջուածը քաղաքական լուծում մըն է» եւ յոյս յայտնելով, որ «իշխանութեան խաղաղ փոխանցում» տեղի ունենայ:

Ամրօ Անանի ծրագիրին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց` շեշտելով, որ յառաջիկայ հանգրուանին սուրիական պատկերացում մը պէտք է գոյանայ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «ճակատումի կանոններու փոփոխութեան նախաձեռնողը Թուրքիան չէր, սակայն սուրիական վարչակարգը զայն այդ քայլին մղեց, երբ մեր օդանաւը առանց զգուշացնելու միջազգային ջուրերուն մէջ վար առաւ»:

Պատասխանելով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ պատերազմի մը հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Հիւրմիւզլիւ ըսաւ, որ «Թուրքիա չ՛ուզեր որեւէ հարցի մէջ ինքնագլուխ գործել, բացի եթէ ատոր շուրջ միջազգային միաձայնութիւն գոյութիւն ունի»` շեշտելով, որ «Այսուհետեւ չենք ուզեր, որ ոեւէ մէկը Թուրքիոյ համբերութիւնը փորձէ»:

 

Leave a Reply

Advertisement