Կիպրոս Ստանձնեց Եւրոպական Միութեան Նախագահութիւնը
By adminx - Tue Jul 03, 7:40 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոս կիրակի օր «Յանուն աւելի լաւ Եւրոպայի» կարգախօսով ստանձնած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը:
Ասիկա պատմական իրադարձութիւն է այս փոքր երկրին համար, որ միութեան անդամ դարձած է 2004-ին եւ Եւրոյի գօտիին մէջ մտած է 2008-ին: Ասիկա առաջին անգամն է, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի ղեկավարէ այդքան փոքր պետութիւն մը, որ շուրջ 800 հազար բնակչութիւն ունի եւ որուն համախառն ներքին արտադրութիւնը 17.2 միլիառ եւրօ է:
Փորձագէտներուն գնահատումով, ասիկա իսկական փորձութիւն պիտի ըլլայ Կիպրոսի քաղաքական հասունութեան առումով: Կիպրոս պիտի նախագահէ Պրիւքսելի մէջ. տարբեր մակարդակներու հանդիպումներու եւ աշխատանքային խումբերու նիստերու` ընդհանուր առմամբ շուրջ 1500 ձեռնարկներու 90 առ հարիւրը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ:
Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը Կիպրոսի համար խնդրայարոյց պիտի ըլլայ նաեւ այն առումով, որ միութիւնը տնտեսական խոր ճգնաժամ կ՛ապրի: Միւս գլխաւոր խնդիրը Կիպրոսի հիմնահարցին անորոշութիւնն է, երկրին 37 առ հարիւրը Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած է, եւ Եւրոպական Միութեան արձանագրութեամբ միութեան իրաւական համակարգի ազդեցութիւնը չի տարածուիր այն շրջաններուն վրայ, որոնք չեն գտնուիր Կիպրոսի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ:
Անգարա չի ճանչնար Կիպրոսի Հանրապետութիւնը եւ խիստ կերպով կը քննադատէ այդ երկրի` Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնելը: Թուրքիա յայտարարեց, որ պոյքոթի պիտի ենթարկէ Նիկոսիոյ բոլոր նախաձեռնութիւնները:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print



