Monday May 20, 2013

Ըստ «Քրիշչըն Սայընս Մոնիթըր»-Ի Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Իրենց Պաղ Պատերազմին Վերջ Տալու Մօտ Են

By adminx - Tue Jul 03, 7:34 am

Ամերիկեան «Քրիշչըն Սայընս Մոնիթըր» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքը հարուածող տագնապները շրջանին մէջ տնտեսական եւ զինուորական մեծագոյն ուժեր Թուրքիան եւ Իսրայէլը կը մղեն իրենց յարաբերութիւնները շտապ կերպով կարգաւորելու:

Օրաթերթը կը գրէ, որ նախկին երկու դաշնակիցները շրջապատող դէպքերը զանոնք կը խթանեն աւելի ուժեղ մերձեցման` նշելով, որ Արեւմուտքին եւ Իրանի միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց մէջ սառեցուած վիճակը, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմ մուտք գործելը, թրքական պատերազմական օդանաւի վար առնուիլը, Լիբանանի մէջ իրարանցումի կացութեան մագլցումը եւ «Արաբական գարուն»-էն ետք յառաջացած անորոշութիւնը դէպքեր են, որոնք կը հաստատեն, որ ներկայիս երկու երկիրներուն միջեւ պաղ պատերազմին վերջ տալը շատ աւելի կարեւոր է:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց վերականգնումը անոնց պիտի ապահովէ շարք մը շահեր, որոնց շարքին են Թուրքիոյ` արաբներու եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան միջնորդի դերակատարութեան վերականգնումը, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ Անգարայի նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտի մեղմացումը, իսկ արաբական աշխարհին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ ժողովրդականութիւնը թերեւս «Արաբական գարնան» զարգացումներուն նկատմամբ Իսրայէլի մտավախութիւնները կը փարատէ:

Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց վերականգնումէն շահ պիտի ապահովեն նաեւ Միացեալ Նահանգները, որովհետեւ այդ մէկը Միջին Արեւելքի մէջ անոնց շահերը պիտի ապահովէ եւ առիթ պիտի ընծայէ գաղտնի սպասարկութեանց տեղեկութիւններ փոխանակելու, միացեալ ռազմափորձեր կատարելու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ քաղաքականութեան համակարգում կատարելու:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement