Հետաքրքրական Լուրեր
By adminx - Tue Jul 03, 7:29 am
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ ոստիկանութիւնը սկսած է հետախուզել աշխարհահռչակ երգահաններ Եոհան Շթրաուսի եւ Եոհաննես Պրամսի ատամները գողցած անձը: Ոստիկանութիւնը արտասովոր գողութեան մասին տեղեկացած է, երբ գողը համացանցի վրայ տեղադրած է իր մեղքը ապացուցող տեսագրութիւնը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս մարդ մը կը փորէ Վիեննայի կեդրոնական գերեզմանատան մէջ գտնուող շիրիմները` այնտեղէն հանելով անոնց գանկերը, որմէ ետք յանցագործը յատուկ աքցաններու միջոցով կը հանէ անոնց ատամները եւ փախուստի կը դիմէ: Տեսագրութեան իսկութիւնը ստուգելու համար թէ՛ Շթրաուսի, թէ՛ Պրամսի շիրիմները բացուած են, եւ ի յայտ եկած է, որ երկուքին ալ ատամները իսկապէս կը բացակային: Ըստ նախնական վարկածի, անյայտ անձին նպատակը ատամները որեւէ թանգարանի մէջ տեղադրելն է: Յայտնաբերուելու պարագային ան քանի մը տարի բանտարկութիւն կը դիմագրաւէ` գողութեան եւ «մահացածներու հանգիստը խանգարելու յանցանքով»:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆիլիփեան կղզիներու հարաւային Պունաւան քաղաքին մէջ գիւղացիները յաջողած են բռնել 6.20 մեթր երկարութեամբ կոկորդիլոս մը, որ ճանչցուած է իբրեւ մինչեւ օրս բռնուած մեծագոյն սողունը եւ արձանագրուած է Կինեսի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Լոլոնկ անունը ստացած հսկան, որ մէկ թոնէն աւելի կը կշռէ, երկու մարդու մահուան պատճառ դարձած է: Երեք շաբաթ տեւած է, մինչեւ որ գիւղացիները յաջողին պողպատէ թակարդով բռնել կոկորդիլոսը, որմէ ետք հարիւր մարդոց միացեալ ջանքերով կարելի եղած է հրէշը տեղափոխել բեռնատարի վրայ եւ տանիլ բնապահպանական զբօսաշրջութեան զբօսայգի: Տեղացիները մտավախութիւն ունին, որ մօտակայքը կրնան նմանատիպ քանի մը այլ կոկորդիլոսներ եւս ըլլալ:
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print



