Tuesday Jun 18, 2013

«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնը` Մարզերուն Մէջ

By adminx - Tue Jul 03, 7:23 am

«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը Երեւանէն ընթացք առած տօնական տրամադրութիւնը տարածեց նաեւ մարզերուն մէջ: 1 յուլիսին համահայկական տօնին կարգախօսը հնչեց Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին` Շիրակի մարզին մէջ:

Ծրագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախագիծերէն մէկն  է եւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնի տրամաբանական շարունակութիւնը: «Իմ Հայաստան» փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան դիտել տուաւ, որ ի տարբերութիւն «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնին, «Իմ Հայաստան»-ը ունի առանձնայատկութիւններ, հոն ներկայացուած են արուեստի տարբեր մարզեր: «Բացի մշակութային ըլլալէ, փառատօնը, ի հարկէ, հայապահպանութեան եւ հայահաւաքման առաքելութիւն ունի», նշեց Սամուէլ Հարոյեան:

Փառատօնի կայացման որոշումը որդեգրած է Հայաստանի կառավարութիւնը` այս տարուան 23 փետրուարին: Անիկա պիտի տեւէ 6 ամիս, համահայկական համաժողովը արդէն կայացած է, ընթացքի մէջ են պարային խումբերու ելոյթները, որոնք տեղի պիտի ունենան բոլոր մարզերուն մէջ, այնուհետեւ` տեղի պիտի ունենան երգչախումբերու եւ անհատ կատարողներու ելոյթները: Փառատօնին արդիւնքները պիտի ամփոփուին հոկտեմբերին տեղի ոււնենալիք Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովին ընթացքին:

Փառատօնին մասնակցելու 1500 դիմում ներկայացուած է 23 երկիրներու մէջ գործող 34 պարախումբերէ, 12 երգչախումբերէ եւ 30-է աւելի անհատ կատարողներ: Փառատօնի ծիրին մէջ Գիւմրի եկած էին 5 պարախումբեր` Քանատայէն, Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն:

Leave a Reply

Advertisement