Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Լիագումար Նիստը, Մինչ Ասիր Կը Շարունակէ Փակ Պահել Սայտայի Ճամբան
By adminx - Mon Jul 02, 7:44 am
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանը իր նախագահին` Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ, այսօր եւ վաղը պիտի գումարէ իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր:
Խորհրդարանի նիստերուն առիթով Դրամատուներու փողոցը այսօր եւ վաղը փակ պիտի մնայ:
Մինչ խորհրդարանը իր օրէնսդրական աշխատանքներուն կը ձեռնարկէ, երկրին մէջ ապահովական ամսուան առիթով որդեգրուած միջոցառումները կը շարունակուին ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Բայց եւ այնպէս, Սայտայի մէջ Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած նստացոյցը տակաւին կը շարունակէ փակ պահել Սայտայի ճամբան` սպառնալով բաց նստացոյցին մասնակիցներուն թիւը աւելցնել:
Այս կեցուածքին առընթեր, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Սայտայի մէջ կատարուող նստացոյցին հարցը մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ լուծել:
Սակայն անպաշտօն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Շարպել երէկ ուշ գիշերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ասիրի հետ եւ կոչ ուղղած անոր նստացոյցը ուրիշ վայր մը փոխադրելու: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ Ասիր Շարպելին ըսած է, թէ ինք բաց նստացոյցը պիտի շարունակէ, մինչեւ իր բոլոր պահանջներուն իրագործումը:
Լիբանանեան բանակը յայտնեց, որ խիստ վերաբերում պիտի ցուցաբերէ Սայտայի ապահովութիւնը խախտել փորձող կողմերուն նկատմամբ, եւ այդ շրջագիծին մէջ ան ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց ու շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն կատարեց Պէյրութը հարաւային Լիբանանին կապող Սայտայի ծովային ճամբուն վրայ:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերը շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն կատարեցին Ասիրի կատարած նստացոյցին կից շրջաններուն մէջ:
Երեկոյեան Սայտայի վաճառատուներու սեփականատէրերուն մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Ասիրի, որուն բացատրեց նստացոյցին պատճառած վնասները եւ անկէ պահանջեց բանալ Սայտայի ճամբան:
Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի արձակեց կրօնական հրահանգ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ճամբաներու փակումը հակաօրինական է եւ կրօնի պայմաններուն չի համապատասխաներ:
Շէյխ Ասիր անտարբեր եւ լուռ մնաց հանրապետութեան միւֆթիին կրօնական հրահանգին առնչութեամբ:
Շէյխ Ասիրի ձեռնարկած բաց նստացոյցին եւ ցուցաբերած անհնազանդութեան նկատմամբ արձանագրուեցան շարք մը հակազդեցութիւններ:
Նասըրական շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ Մուսթաքպալ հոսանքը ներկայիս կը կրեն Սայտայի մէջ համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւններ հրահրելու հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը:
Սաատ շեշտեց, որ Սայտան պիտի մնայ հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան մայրաքաղաքը:
Արաբական հոսանք կուսակցութեան նախագահ Շաքեր Պըրժաուի յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը իր պարտականութիւնը չկատարէ, ապա սիւննի կողմ մը պիտի ստանձնէ Սայտայի ճամբան բանալու նախաձեռնութիւնը:
Իր կարգին, Սայտայի հոգեւորականներէն շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ քաթարցիներն են շէյխ Ասիրին զօրակցող կողմերը:
«Ասիր մեծամիտ է եւ սկսած է իր անձը պաշտել», ըսաւ ան:
Համմուտ խստիւ դատապարտեց այն կոչերը, որոնք սիւննի համայնքի զաւակները կը հրահրեն լիբանանեան բանակէն բաժնուելու: Ան շեշտեց, որ նման կոչեր ցնդածներու կոչեր են:
Նախկին երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ շէյխ Ահմետ Ասիր լիբանանեան երեւոյթ մըն է, որ Մուսթաքպալի ներքին բառամթերքը փողոց փոխադրած է:
Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ պէտք է վերջ տալ Սայտայի մէջ տիրող շէյխ Ահմետ Ասիրի երեւոյթին: Ան աւելցուց, որ երկրին մէջ ցոյցեր կատարելը սահմանադրութեամբ արտօնուած է, սակայն ճամբաները փակելը խիստ մերժելի է:
Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուները յայտնած են, որ ան ապահովական պատասխանատուներէն խնդրած է Սայտայի ճամբան երկու օրէն բանալ:
«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ շեշտեցին, որ իրենք հաւանական կը նկատեն Սայտայի նստացոյցը ապահովական կերպով լուծելու կարելիութիւնը: Անոնք աւելցուցին սակայն, որ անհրաժեշտ է այդ լուծումը նկատի ունենալ իբրեւ վերջին դարման:
Պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր որոշումը տուած է` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով` աւելցնելով, որ շէյխ Ասիր երեւոյթ մըն է, որ մօտիկ ապագային պիտի աւարտի:
Աշխատաւորներու լիկայի նախագահ, նախկին երեսփոխան Զահեր Խաթիպ շեշտեց, որ շէյխ Ահմետ Ասիր անբնական եւ արտասովոր երեւոյթ մըն է, որ ուղղակի վտանգ կը սպառնայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան:
Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ Սայտա կը գտնուի փոթորիկին դիմաց` աւելցնելով, որ ինչ որ կը պատահի վտանգաւոր է եւ պէտք չէ անոր արժէքէն նուազեցնել:
«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կառչած պիտի մնայ իր լռութեան եւ երբեք պիտի չպատասխանէ շէյխ Ահմետ Ասիրի:
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print




