Thursday May 23, 2013

Եգիպտական Բանակը Իշխանութիւնը Պաշտօնապէս Յանձնեց Նախագահ Մուրսիի

By adminx - Mon Jul 02, 7:22 am

Մարաջախտ Թանթաուի յուշանուէր կը յանձնէ նորընտիր նախագահին

Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ մարաջախ Մոհամետ Հիւսէյն Թանթաուի Գահիրէի մօտ զօրանոցի մը մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին երկրին իշխանութիւնը յանձնեց նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի:

Թանթաուի, սպայակոյտի պետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամի Անան, ինչպէս նաեւ սպայակոյտի անդամները զինուորական բարեւով դիմաւորեցին նորընտիր նախագահը, որ այդ արարքին համար «խոր գնահատանք» յայտնեց` զայն նկատելով «եգիպտացի ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն միասնականութեան վերաբերեալ աշխարհին ներկայացուած բնորդ մը»:

Թանթաուի յայտնեց, որ Եգիպտոսի զինեալ ուժերը իշխանութիւնը յանձնելու իրենց խոստումը յարգեցին` վստահեցնելով, որ «բանակի հաւատարմութիւնը ժողովուրդին եւ հայրենիքին է»: Թանթաուի նշեց, որ «ժամանակը հասած է, որ անցեալը մեր ետին ձգենք` անկէ դաս եւ պատգամ առնելով», ապա «ողջունեց» 25 յունուարի «անմեղ նահատակները»:

Թանթաուի վստահեցուց, որ զինեալ ուժերը նորընտիր նախագահին կողքին կը կանգնին:

Նախագահ Մուրսի իր արտասանած խօսքին մէջ յատուկ ուշադրութիւն դարձուց եգիպտական բանակին եւ ոստիկանութեան` շեշտելով, որ անոնք արդար ընտրութիւններու կայացման հսկեցին: Ան զինեալ ուժերուն կողմէ իշխանութեան իրեն յանձնուիլը նկատեց «Եգիպտոսի պատմութեան մէջ իւրայատուկ օր մը»` նշելով, որ այս օրը պատմութեան մէջ պիտի սերտուի, լուսաւոր գիրերով պիտի գրուի, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ սերունդներուն կողմնացոյց մը պիտի ըլլայ:

Մուրսի հաստատեց, որ եգիպտական բանակի հրամանատարները, սպաներն ու զինուորները կատարեցին Աստուծոյ եւ ժողովուրդին առջեւ իրենց տուած խոստումը` խոստանալով, որ «զինեալ ուժերու իրաւունքներուն ձեռք չտրուի» եւ անոնց պահանջները կատարուին: Ան խոստացաւ զինեալ ուժերը պատուելու հանդէս մը կազմակերպել:

Նշեալ արարողութենէն առաջ, Մուրսի Սահմանադրական դատարանին առջեւ կատարեց իր նախագահական երդումը, որուն արարողութիւնը անծանօթ պատճառներով մէկ ժամ ուշացումով տեղի ունեցաւ: Ան այդ առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ժողովուրդն ու իշխանութիւնները նախանձախնդիր են, որ Սահմանադրական դատարանը ուժեղ, անկախ եւ ազդու մնայ: Ան դատաւորները նկարագրեց իբրեւ հաւատարիմ եւ հայրենասէր անձեր:

«Կը յարգեմ եւ կը գնահատեմ դատական ու օրէնսդրական իշխանութիւնները եւ այդ իշխանութեանց անկախութիւնը, Սահմանադրական դատարանն ու անոր վճիռներու յարգումը ապահովելու դերս կը կատարեմ», ըսաւ Մուրսի: Ան նշեց, որ գործադիր, դատական եւ օրէնսդրական իշխանութեանց իրարմէ անկախութիւնը կը յարգէ:

Նախքան Սահմանադրական դատարանին առջեւ իր երդում կատարելը, Մուրսի երդում կատարեց նաեւ Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ բազմահազար ցուցարարներու ներկայութեան: Ան յայտնեց, որ «յեղափոխութիւնը առաջնորդող անոր նպատակներն են եւ անիկա, Աստուծոյ շնորհիւ, կը շարունակուի եւ այսօր իբրեւ մէկ կամք կը ներկայանայ»:

Ան խօսքը ժողովուրդին ուղղելով նշեց. «Ո՜վ փառաւոր ժողովուրդ, քեզի եկայ, որովհետեւ իշխանութեան աղբիւրը դուն ես»` աւելցնելով, որ «ժողովուրդը իշխանութեանց աղբիւրն է եւ ան է, որ կ՛իշխէ ու կ՛որոշէ, եւ այդ պատճառով եկայ եգիպտացի ժողովուրդին` իր ամբողջ կառոյցներով»:

Մուրսի մերժեց «ժողովուրդէն կամ անոր երեսփոխաններէն իշխանութիւնը խլելու» որեւէ փորձ` նշելով, որ հանրապետութեան նախագահի իշխանութիւններէն որեւէ մէկուն ոտնահարման նկատմամբ թոյլատու պիտի չգտնուի:

Ան խոստացաւ աշխատանք տանիլ յեղափոխութեան նպատակները ամբողջութեամբ կատարելու: «Նահատակներուն իրաւունքին նկատմամբ թուլամորթ կեցուածք պիտի չորդեգրենք», ընդգծեց ան:

Եգիպտոսի նախագահը զգուշացուց որեւէ մէկը Եգիպտոսը, անոր ժողովուրդը կամ նախագահը անպատուելէ` աւելցնելով, որ «աշխատանք պիտի տանիմ, որ Եգիպտոս դարձեալ իր արտաքին յարաբերութեանց մէջ ազատ դառնայ եւ որեւէ ենթակայութիւն պիտի ջնջեմ: Բախումը կամ դաւաճանի պիտակ փակցնելը բացառուած է, եւ Եգիպտոսի բոլոր զաւակները մէկ ձեռք են»:

Մուրսի յայտնեց, որ ամէն ջանք պիտի թափէ, որպէսզի շէյխ Օմար Ապտել Ռահման, որ 11 սեպտեմբեր 2011-ի ահաբեկչական յարձակումները ծրագրած ըլլալուն համար Միացեալ Նահանգներուն մէջ ցկեանս բանտարկուած է, ազատ արձակուի:

Միւս կողմէ, Մուրսիի նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն դէմ բողոք կատարողներ երէկ սկսան նստացոյց կատարել` խոստանալով զայն շարունակել մինչեւ որ ան իշխանութենէն հեռանայ: Տասնեակներով ցուցարարներ Գահիրէէն հիւսիս-արեւելք գտնուող Նասր քաղաքին մէջ նստացոյցի վրաններ լարեցին եւ հիւսիսային Գահիրէ առաջնորդող մայրուղիին մէկ բաժինը փակեցին: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Այո՛, սահմանադրութեան յաւելուածի յայտարարութեան», «Այո՛, խորհրդարանի լուծարման» եւ «Այո՛, Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին»:

Քաղաքական փորձագէտներ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ կարգ մը ուժեր կոչ ուղղած են այսօր Եգիպտոսի նախագահական պալատին առջեւ հաւաք մը կատարելու` իբրեւ բողոք Սահմանադրական դատարանին առջեւ նախագահական երդում կատարելու Մուրսիի քայլին` զայն նկատելով Մուրսիի կողմէ սահմանադրութեան յաւելուածի յայտարարութեան յստակ համամտութիւն մը, ինչ որ յառաջիկայ օրերուն կարգ մը յեղափոխական շարժումներու եւ Մուրսիի միջեւ բախումի մը նախանշան է:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու քանի մը օր առաջ Եգիպտոսի նորընտիր նախագահին ուղարկած է անձնական նամակ մը` շնորհաւորելով անոր ընտրութիւնը:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին հաղորդած է, որ Նեթանիահու իր նամակին մէջ փափաք յայտնած է եգիպտական նոր կառավարութեան հետ գործակցելու` յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնութիւնը պիտի պահպանուի, որովհետեւ անիկա երկու երկիրներուն հասարակաց շահ մըն է:

Պաշտօնատարը աւելցուց, որ այս շաբաթ Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ ուղղակի կամ ամերիկեան իշխանութեանց միջոցով հաղորդակցութիւն տեղի պիտի ունենայ` փորձելով Իսրայէլի վարչապետին եւ Եգիպտոսի նախագահին միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը համակարգել:

Նշենք, որ «Իսրայէլ Եոմ» օրաթերթը շաբաթ օր գրած էր, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան նկատմամբ Մուրսիի երկդիմութիւնը այլեւս յստակ դարձած է:

 

Leave a Reply

Advertisement