Վեհափառին Ընտրութեան Եւ Օծման 17 -րդ Տարեդարձը` Անթիլիասի Մէջ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը Բարձրագոյն Աստիճանի Նուիրումով Կը Կենսագործէ Իր Ծառայութիւնը» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
By adminx - Mon Jul 02, 7:19 am
- 0 Comments
- 149 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` կիրակի, 1 յուլիս 2012-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 17-րդ տարեդարձին առիթով: Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին միաբան հայրեր յատկապէս ընտրուած աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ կարդացին` բարւոք ծառայութիւն ու արեւշատ օրեր մաղթելով վեհափառին եւ անսասանութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:
Պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ, օրուան խորհուրդը ներկայացնելէ ետք, վեր առաւ վեհափառի նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսները, քաջ հովուապետի պատկերին մէջ: Ան յանուն միաբանութեան եւ համայն հաւատացեալ հայ ժողովուրդին, արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն մաղթեց վեհափառին որպէսզի շարունակէ իր ծառայութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ վեհափառը իր հայրապետական պատգամին մէջ նախ անդրադարձաւ հոգեւորականի առաքելութեան: Ան ըսաւ, «Հոգեւորականի մը կեանքի ճամբան, ի՛նչ աստիճանի ալ գտնուի, ի՛նչ հանգամանք ալ ունենայ, ծառայութիւն է միայն: Եւ այսօր, մեր ժողովուրդն ու եկեղեցին որքան կարիքը ունին խորք ու որակ, հաւատք ու տեսիլք ունեցող ծառայութեան: Այսպէս կ՛ըմբռնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր ծառայութիւնը: Անցնող 17 տարիներուն այս յանձնառութեամբ Մենք փորձեցինք ծառայել մեր Սուրբ աթոռին ճամբով հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին: Ո՛չ միայն Մենք իբրեւ հայրապետ ծառայեցինք, այլ նաեւ մեր ժողովուրդի ծառայութեան դաշտի նոր հոգեւոր հնձուորներ պատրաստեցինք: Ծառայութիւնը կը դառնայ հզօր, ազդու ու պատմութեան մէջ հետք ձգող, երբ ան կը կատարուի հաւաքական հաւատքով ու ճիգով»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Այսօր արդար ուրախութեամբ կ՛ուզենք հաստատել, որ հայրապետական այս Սուրբ աթոռին ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին տանող մեր միաբանութիւնը կ՛աճի ու կը ծաղկի, որակով թէ քանակով, եւ բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը կենսագործէ իր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ»: Վեհափառը իր խօսքը եզրափակեց իր գնահատանքը յայտնելով բոլոր այն բարերարներուն ու ազգայիններուն, որոնք տարբեր ձեւերով մասնակից դարձան ու կը դառնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու ծառայութեան:
«Ամէն Հայի» եւ «Կիլիկիա» երգերու, ինչպէս նաեւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգի կատարումներէն ետք,Արամ Ա. կաթողիկոս պահպանիչով օրհնեց ներկաները: Ապա բոլորը աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին վեհափառին:
- 0 Comments
- 149 views
- Tweet
Email
Print



