Friday May 24, 2013

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոնի 25-Ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. «Արթ Սինեմա Անսամպլ» Շարժարուեստի Քառեակը Իր Առինքնող Երաժշտութեամբ Պատուեց ԼՕԽ-ը

By adminx - Mon Jul 02, 7:15 am

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկրաբժշկական կեդրոնի հիմնադրութեան 25-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 1 յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, երաժշտական երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Մելքոն եւ Անահիտ Պուլղուրճեաններու, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը եւ լիբանանահայ երաժշտասէր ազգայինները վայելեցին երաժշտական բարձրորակ արուեստի պահեր:

Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի եւ այլ բարձրաստիճան հրաւիրեալներու բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին, նախ` լիբանանեան եւ ապա հայկական ու ԼՕԽ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով ԼՕԽ-ի բարերարներուն, «Արթ Սինեմա Անսամպլ» շարժարուեստի քառեակին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի իրագործման: Սաղըրեան նշեց, թէ 25-ամեակի ձեռնարկներու առաջինը վիճակահանութեան տոմսի պարգեւատրումն էր, իսկ երկրորդը` կեդրոնի նորանոր նուաճումներու արգասիքը նկատուող ոսկրափտութեան եւ շտապ օգնութեան ու «էքոկրաֆի»-ի եւ «քարտիաք տոփլըր» ծառայութեանց հաստատումն էր` Ճափոնի դեսպանին ու առողջապահութեան նախարարի ներկայութեան: Ան վերյիշեց, որ Ճափոնի դեսպանատունը 103,500 տոլարի նուիրատուութիւն կատարած է, որ իր օժանդակութեանց մէջ չորրորդն է: Ան նաեւ յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի կից շէնքը սեփականացնելով հաստատուած է շտապ օգնութեան բաժանմունք, որուն շինութեան ու կահաւորման ծախսերը հոգացած է բարերար Սարգիս Սիմիթեան, իսկ այդ բաժանմունքը կեդրոնի մայր շէնքին կցող պատը գեղազարդած է արուեստագէտ Լենա Քելեքեան-Սուլահեան: Սաղըրեան նաեւ շնորհակալութեամբ նշեց «Էմիրէյթզ» դրամատունը, որ սիրայօժար հոգացած է 15 հազար ելեկտրական քարտերու տպագրական ծախսերը: Իսկ Ռիթա Պոսնոյեանի զաւակները վերջինիս յիշատակին 10 հազար տոլարի նուիրատուութիւն կատարած են:

Ապա ելոյթ ունեցաւ յատուկ Երեւանէն ժամանած «Արթ Սինեմա Անսամպլ» շարժարուեստի քառեակը, որ համաշխարհային մրցանակներ նուաճած շարժապատկերներու երաժշտական գլուխ գործոցներ ներկայացուց` հմայելով ներկաները եւ իր առինքնող նուագակցութեամբ պատուեց ԼՕԽ-ը: Համալսարանաւարտ տաղանդաւոր հայորդիներ Աշոտ Խոէցեան (ջութակ), Հայկ Վարդանեան (ջութակ) եւ Կարէն Սարաֆեան (դաշնակ) 2010-ին Երեւանի մէջ հիմնած են շարժապատկերներու երաժշտութիւնը դիւթող այս քառանդամ խումբը: Քիչ ետք անոնց միացած է նոյնքան տաղանդաւոր Լեւոն Առաքելեան (թաւջութակ): Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ այս քառեակը ներկայացուց միջազգային թէ հայկական երաժշտական գլուխ գործոցներ, ինչպէս` Տիգրան Մանսուրեանի «Հին օրերի երգը», Գէորգ Կառվարենցի «Թեհրան 43»-ը, «Թայթանիկ»-ը, «Մայրիկ»-ը «Կատֆատըր»-ը եւ այլն:

Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեան հակիրճ խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, բարերարներուն եւ բոլոր կամաւորներուն` բարձր գնահատելով այս կեդրոնի պաշտօնէութեան ու տնօրէնութեան ժրաջան աշխատանքը:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց Գեղամ արք. Խաչերեանը, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանը, որոնք յատուկ յուշանուէրներով պատուեցին բարերարներ Մելքոն Պուլղուրճեանը եւ Սարգիս Սիմիթեանը, արուեստագէտ Լենա Քելեքեան-Սուլահեանը, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի ատենապետ Վարդուհի Գալայճեանը, «Սեւան» մասնաճիւղի ատենապետ Սեդա Սաաթճեանը եւ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի ատենապետ Ժաքլին Գլընճեանը, որոնք կոկիկ նուիրատուութեամբ նպաստած էին կեդրոնի բարգաւաճման ծախսերուն: Նմանապէս յուշանուէրով պարգեւատրուեցաւ «Էմիրէյթզ» դրամատունը:

Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան մեծապէս դրուատեց ԼՕԽ-ը, որ «իր գործով կը խօսի»: Առաջնորդ սրբազանը պատմական յետադարձ հակիրճ ակնարկով նշեց, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ հիմնուած էր ԼՕԽ-ի այս կեդրոնը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն: «Հիմա այս կեդրոնը նոյնը չէ, ինչ որ սկսած էր, այլ աւելի բարգաւաճ ու յառաջդիմած է` յարմարելով օրուան արդիական չափանիշներուն», ընդգծեց ան: Սրբազան հայրը այս առիթով բարձր գնահատեց Պուլղուրճեան եղբայրներուն բարերարութիւնը, «որ գեղեցիկ ցուցանիշ է ԼՕԽ-ի նկատմամբ հայ ժողովուրդի ցուցաբերած սիրոյն ու հոգատարութեան»: Ապագայի նոր նախաձեռնութեանց մաղթանքներով սրբազան հայրը եզրափակեց իր խօսքը:

 

Leave a Reply

Advertisement