Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
By adminx - Mon Jul 02, 7:13 am
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն, երէկ` կիրակի, 1 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Կարօ Աղազարեան: Ան նկատել տուաւ, որ կիրակնօրեայ վարժարանները 83 տարիներ շարունակ ջամբած են հայեցի կրթութիւն եւ կրօնական դաստիարակութիւն` շնորհիւ անսակարկ եւ անձնուէր նուիրեալ հայորդիներու` աւելցնելով, որ ներկայիս կիրակնօրեայ դպրոցը այլ հաստատութիւններու նման մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները առաջնորդելու կիրակնօրեայ վարժարան` իրենց ուշադրութեան յանձնելով Առակայ գիրքի մէջ գրուած հետեւեալ համարը. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի երբ մեծնայ, անկէ չխոտորի»: Եզրափակելով իր խօսքը` Կարօ Աղազարեան յայտնեց, որ կիրակնօրեայ վարժարաններու նշանաբանն է Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Թոյլ տուէք, որ այդ մանուկները ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք անոնց», եւ ասիկա կ՛արտացոլէ Քրիստոսի սէրը մարդկութեան եւ մանուկներուն նկատմամբ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կը բովանդակէր շարականներու երգեցողութիւն, ասմունք, «Նարեկ» աղօթամատեանէն ընթերցում, նուագ, եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու գործունէութեան մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ ներկայիս դժուար է մանուկին առողջ դաստիարակութիւն ջամբել, եւ այս սրբազան առաքելութեան նուիրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութիւնը` գործակցելով թեմերուն մէջ գործող կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմիններուն հետ: Ան նշեց, որ նուիրեալ ու ծառայասէր ուսուցիչներ ունենալու նպատակով վարիչ տնօրէնութիւնը կազմակերպեց կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու պատրաստութեան երկամեայ ծրագիր մը, որուն հետեւեցան խումբ մը երիտասարդներ: Հայր սուրբը գնահատական խօսք ուղղեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի, որ լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ հետեւած էր դասընթացքին մասնակիցներուն եւ աջակցած էր անոր յաջողութեան:
Եզրափակիչ բաժինով հայր Ղեւոնդ իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն յայտնեց, որ մեծ առաքելութիւն մը վստահուած է իրենց, այդ ալ կիրակնօրեայ դպրոցներուն ապագայ սերունդն է, զոր պէտք է դաստիարակեն ճիշդ ձեւով:
Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց վարիչ տնօրէնութեան, սրբազան հօր եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Ան նաեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց` իրենց յառաջիկայ գործունէութիւններուն մէջ:
Կիրակնօրեայ վարժարաններու շրջանաւարտներուն անունով խօսք առաւ Լալա Գալայճեան: Ան հաստատեց, որ երկար տարիներ վայելած են սոյն հաստատութեան կրօնաբարոյական հոգածութիւնը, որուն շնորհիւ իրենց ջամբուած է մարդկային բարձր արժանիքներու իմաստութիւնն ու ազգային գիտակցութիւնը: Ան շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, առաջնորդ սրբազանին, վարիչ տնօրէնին, պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնք նորահաս սերունդները առաջնորդեցին դէպի կիրակնօրեայ դպրոց եւ անոնց ջամբեցին հայեցի ու կրօնական դաստիարակութիւն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում, նաեւ գնահատագիրներու յանձնում աւելի քան 25 տարիներ ծառայած ուսուցիչներուն:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան շեշտեց, որ կիրակնօրեայ վարժարանը մեր նոր սերունդին կեանքին բացուող եւ վտանգներուն առաջքը առնող անհրաժեշտ պատուաստներէն մէկն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գնահատագիր ստացող ուսուցիչներուն` իրենց անձնուէր ծառայութեան համար, իսկ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն յայտնեց, որ իրենց սորվածը գործադրեն իրենց կեանքին մէջ եւ իրենց կրթութեամբ, վարմունքով եւ նկարագիրով ճանչցնեն, թէ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտ եղած են:
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print




