ՔԱՀԼ-ի Մասնաւոր Դասարանները` Մարդակերտումի Ինքնուրոյն Կռուան Մը
By adminx - Mon Jul 02, 5:34 am
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print
Ս.Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Առողջ է այն ընկերութիւնը, որ իր ե՛ւ ուժեղ, ե՛ւ տկար զաւակներուն կարողականութիւնները գիտէ զարգացնել,մշակել, այլեւ մարդկային տեսակ-տեսակ տկարութիւններու տէր քաղաքացիներուն աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու համար անհրաժեշտ քայլերու կը դիմէ, նախաձեռնութիւններ յանձն կ՛առնէ: Այսօրինակ մտածումներով տարուած` ուրբաթ, 22 յունիս 2012, երեկոյեան ժամը 5:30-ին ներկայ եղանք ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ու ամավերջի հանդէսին, ՔԱՀԼ-ի հանդիսասրահին մէջ: Մեր տեսածն ու լսածը, հայօրէն ըմբոշխնածը ոչ միայն գնահատելի էր, այլեւ` զարմացնելու աստիճան բծախնդրօրէն պատրաստուած:
Արդարեւ, ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ու խումբ մը աշակերտներ` վեցէն 16 տարեկան (եւ վեր), հանդիսութիւնը վերածեցին տօնախմբութեան` իրենց ներկայացուցած եռալեզու երգերով, արտասանութիւններով եւ հայ տպագրութեան 500-ամեակին ու հայ գիրքի տարին բնորոշող բեմական յարդարանքի ներքոյ ներկայացուցած «Հայուն գանձերու տուփը» թատրոնով, որուն հեղինակը հոգեբան-մանկավարժ Ռիթա Բարմաքսըզեանն է, բոլորին սիրելի տնօրէնուհին, որ իր մասնագիտական փորձառութիւնն ու ստեղծագործական կարողութիւնները տիւ ու գիշեր կը տրամադրէ իր աշակերտներուն, լիբանանահայ ընկերութեան մէջ հոգեբանական, ընկերային թէ մանկավարժական զանազան պատճառներով «տկար» նկատուող այն բուռ մը տղոց ու աղջիկներուն, որոնք խորքին մէջ ո՛չ մտային, ո՛չ ալ ֆիզիքական հիւանդութիւն ունին, սակայն ունին դժուարութիւններ` կարենալ դաս սորվելու, կեդրոնանալու, իրենց սեփական ուժերուն ապաւինելու առումով: Բարմաքսըզեան եւ իր աշխատակազմը` ուսուցիչ-ուսուցիչներ եւ պաշտօնէութիւն, գլխաւորութեամբ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանի, այնքա՜ն համբերատար աշխատանք կը տանին այս տղոց հետ, որ անոնք կը յաջողին բեմ ելլել եւ տարուան ընթացքին իրենց սորվածները իրենց անմիջական շրջանակին ներկայացնել: Սա ինքնին գնահատելի երեւոյթ է, երբ կ՛ըմբռնենք իւրաքանչիւր աշակերտի պարագան, որ չի նմանիր մէկը միւսին, ինչպէս հանդիսութեան բացման իր խօսքին մէջ նշեց տնօրէնուհին, ապա անդրադարձաւ տարուած աշխատանքին տարողութեան` շեշտելով, որ ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ուն մէջ փորձ կը կատարուի լուծելու աշակերտներու մանկավարժական, լեզուական, ընկերային, հոգեկան հարցերը, անոնց անկարողութիւնները վերածելով կարողութիւններու, նոյնիսկ անոնց մէջ արթնցնելով թաքնուած ձիրքեր` ստեղծելով համապատասխան առիթներ: Բարմաքսըզեան նաեւ յայտնեց լուրջ մտահոգութիւն` ըսելով, որ սովորական վարժարաններու մէջ վստահաբար գոյութիւն ունին աշակերտներ, որոնք պէտք ունին մասնագիտական խնամքի, հետեւողական ուշադրութեան եւ կարօտ են օգնութեան: «Մենք պատրաստ ենք մեր մասնագիտացած փորձառութիւնը ի սպաս դնելու` իւրաքանչիւր աշակերտի մտային կարողութեան համապատասխան մանկավարժական յատուկ ծրագրով», դիտել տուաւ ան` շեշտելով գործակցութեան կարեւորութիւնը` վարժարաններու եւ ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ու տնօրէնութեանց միջեւ: «ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ու գործունէութիւնը յատուկ է, միակն է եւ չափազանց անհրաժեշտ` մեր գաղութիւն համար: Տէր ըլլանք մեր ազգային բոլոր կառոյցներուն», վերջացուց ան:
Այս հանդէսի յատկանշական երեւոյթներէն մէկն ալ այն էր, որ գեղարուեստական կոկիկ յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ շրջանաւարտ նախկին աշակերտներ, որոնցմէ Նաթալի Դաւիթեան երգեց «Երազ» ժողովրդական երգը: Ան եկած էր ՔԱՀԼ-էն շրջանաւարտ իր ամուսնոյն հետ եւ միասին բերած` իրենց նորածին մանկիկը: Իսկ նախկին աշակերտներէն Յովսէփ Զէյթունցեան նուագեց (դաշնակ) իր յօրինումներէն «Sonate en Ré majeur»-ը: Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Մասնաւոր դասարաններ»-ու ներկայ բոլոր աշակերտները. Յ. Պետրոսեան արտասանեց «Գրիչը», Ռիթա Ալթունեան դաշնակի վրայ նուագեց «Vieille Chanson»-ը, խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Իլիաս Ապու Շապաքէի «Ուսուցիչը», DVD-ի վրայ ցուցադրուեցան 2011-2012 տարեշրջանին աշակերտական կեանքէն փրցուած դրուագներ, Ցոլեր Խոշաֆեան հանդէս եկաւ դաշնակի վրայ «Աղթամար» նուագով, Սենտի Թութուշեան արտասանեց Աւ. Իսահակեանի «Մեր պատմիչները եւ մեր գուսանները»:
Հուսկ, ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ու միակ շրջանաւարտ Ցոլեր Խոշաֆեան ստացաւ վկայական: Ան աւարտած է ծրագիրը եւ պատրաստ է նետուելու կեանքի ասպարէզ: Գործն ալ պատրաստ է: Ինքնավստահ ու ժիր` Ցոլեր թօթուեց ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանի եւ տնօրէնուհիին ձեռքը, երախտագիտութեամբ ստացաւ իր վկայականը` խոստանալով չմոռնալ մանկութենէն ի վեր զինք սիրած ու փայփայած, այսօր արդէն զինք լիարժէք մարդ դարձուցած իր սիրելի վարժարանը, տնօրէնուհին, ուսուցչական կազմը, դասընկերները…
Պատուելի Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ` հայ ազգին ընձեռած բարիքներուն համար եւ այս հանդիսութիւնը օրհնութիւն համարեց, քանի որ մարդակերտումի ճամբուն վրայ ինքզինք հաստատած եւ փաստած «Մասնաւոր դասարաններ»-ը` իբրեւ իւրայատուկ կառոյց, կը յաջողի տկարէն ստեղծել ուժեղը, անկարողը օժտել կարողութիւններով:
Ապա «Հուսկ բանք»-ով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ դրուատիքով խօսեցաւ լիբանանահայ զաւակներու կեանքի մէջ ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ուն տարած աշխատանքին մասին` հարց տալով ներկաներուն, թէ` «ո՞վ ձեզմէ կրնայ Յովսէփ Զէյթունցեանի պէս դաշնակի վրայ նուագել, այդ ալ` ի՛ր իսկ յօրինած երաժշտութիւնը», եւ այս նկատեց յաղթանակ` ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ու եւ աշխատակազմին, այլեւ` ծնողներուն, որոնք ամենայն վստահութեամբ իրենց տկար զաւակը յանձնեցին այս կառոյցին եւ այսօր ահա պտուղը կը քաղեն իրենց աշխատանքին: «ՔԱՀԼ-ի «Մասնաւոր դասարաններ»-ը մեր տկար զաւակներուն օգնութեան ձեռք երկարող հաստատութիւնն է, զանոնք անհրաժեշտ գիտելիքով զինող եւ մասնագիտական հոգածութեամբ պարուրող մարդակերտումի կեդրոնն է, չզլանանք մեր գործակցութիւնը այս հաստատութեան», եզրափակեց Գեղամ արք. Խաչերեան:
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print



