Մարտակերտը Նշեց Իր Ազատագրման 19-ամեակը
By adminx - Sat Jun 30, 7:53 am
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հինգշաբթի, 28 յունիսին Մարտակերտ շրջանային կեդրոնին մէջ մասնակցած է քաղաքի ազատագրման 19-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւններուն: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տարածած հաղորդագրութենէն:
Բակօ Սահակեան Մարտակերտի ազատագրումը որակած է իբրեւ «մեր ազգային-ազատագրական պայքարի զինուորական եւ քաղաքական կարեւորագոյն յաղթանակներէն մէկը»:
Այնուհետեւ, նախագահը պետական պարգեւներ յանձնած է արցախեան ազատամարտի խումբ մը ազատամարտիկներու:
Տօնակատարութիւններուն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ ու հիւրեր` Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print




