Sunday May 26, 2013

Եուրօ-2012. Վաղը` Սպանիա – Իտալիա Աւարտական Մրցումը. Գլխաւոր Իրաւարարը` Փորթուգալցի

By adminx - Sat Jun 30, 6:08 am

Վաղը` կիրակի, 1 յուլիսին, իր աւարտին կը հասնի Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը, երբ Քիեւի ողիմպիական դաշտին վրայ (Ուքրանիա) տեղի կ՛ունենայ Սպանիա-Իտալիա աւարտական մրցումը: Իբրեւ օրուան գլխաւոր իրաւարար Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ նշանակուած է 41 տարեկան փորթուգալցի Փետրօ Փրոյենքա: Ան նախորդ ամիս Պայէրն Միւնիխ – Չելսի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումին իրաւարարն էր: Դաշտը կրնայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես:

Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), կը խոստանայ ըլլալ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ զօրաւոր խումբեր են:

Նշենք, որ տիտղոսակիր Սպանիա, ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ, մինչ Իտալիա կը գտնուի 12-րդ դիրքին վրայ:

Երկու կազմերը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են 26 անգամ: Իտալիա արձանագրած է 8 յաղթանակ, իսկ Սպանիա` 7: 11 մրցում աւարտած է հաւասարութեամբ:

Սպանիա, որ երկու անգամ տիրացած է տիտղոսին (1964 եւ 2008), յաղթանակ արձանագրելու պարագային պիտի հաւասարի Գերմանիոյ հաստատած մրցանիշին: Անիկա 1984-ին հասաւ նաեւ մինչեւ աւարտական:

Իտալիա տիտղոսին տիրացած է մէկ անգամ (1968), իսկ մէկ անգամ ալ (2000-ին) հանդիսացած է փոխախոյեան:

Նշենք, որ նախորդ 13 Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական մրցումներէն ոչ մէկը վճռուած է փենալթիներով:

2008-ին տիտղոսին տիրացած Սպանիոյ 14 մարզիկներէն 9-ը դարձեալ ներկայ են աւարտական այս մրցումին: Անոնք են` Իքեր Քասիաս, Սերճիօ Ռամոս, Զապի Ալոնսօ, Խաւի Հերնանտեզ, Անտրես Ինիեսթա, Տաւիտ Սիլվա, Սեսք Ֆապրեկաս, Սանթի Քազորլա եւ կոլսքորըր Ֆեռնանտօ Թորես:

Եթէ վաղուան մրցումին իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի յաջողի կոլ մը նշանակել, 5 կոլով պիտի հանդիսանայ մրցաշարքին կոլսքորըրը: Սպանիայէն երկուքական կոլ նշանակած են Թորես, Ֆապրեկաս եւ Ալոնսօ: Նշենք, որ Պալոթելլիի նման երեք կոլ նշանակած են նաեւ չորս այլ մարզիկներ:

Նշենք, որ իտալացի Անթոնիօ Տի Նաթալէ կը հանդիսանայ այն միակ մարզիկը, որ այս մրցաշարքին յաջողած է կոլ նշանակել Սպանիոյ բերդին մէջ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement