Կիրակի, 1 Յուլիսին Ճատրակի Յատուկ Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ
By adminx - Sat Jun 30, 6:06 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին կիրակի, 1 յուլիսին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի յատուկ մրցաշարք մը:
Յատուկ այն իմաստով, որ Յակոբ Պապիկեան միաժամանակ պիտի մրցի բոլոր տարիքի ճատրակ խաղացողներու դէմ, որոնք բոլորն ալ պիտի ըլլան իր մրցակիցները: Այս յատուկ մրցաշարքը ճանչցուած է «Սիմուլթանիս» անունով:
Անոր դէմ լաւ արդիւնք արձանագրողները եւ կամ անոր կողմէ յատուկ գնահատանքի արժանացող խաղացողները պիտի ստանան յատուկ յուշանուէրներ:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս յատուկ մրցաշարքին մասնակցիլ, պարտին առաւօտեան ժամը 10:00-ին ներկայ գտնուիլ մրցաշարքին վայրը` առանց նախօրօք արձանագրելու իրենց անունները:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print



