Լիբանանի Թրիաթլոնի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Երկու Տարբեր Տեսակի Ուսուցման Դասընթացքներ
By adminx - Sat Jun 30, 6:05 am
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ ու հսկողութեամբ Արաբական եւ միջազգային թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, տեղի պիտի ունենան երկու տարբեր տեսակի ուսուցման դասընթացքներ:
Առաջինը, որ մարզիչներու դասընթացք մըն է, տեղի պիտի ունենայ 12-15 յուլիսին: Ասոր իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել բոլոր անոնք, որոնք լողարշաւի կամ հեծելարշաւի մարզիչ են եւ կամ ունին յատուկ վկայագիրներ` մարզիչութեան ասպարէզին մէջ:
Երկրորդը այլ դասընթացք մըն է, որ կը վերաբերի մրցաշարքերու կազմակերպման, որուն ընթացքին յատուկ անձեր պիտի պատրաստուին հսկելու մրցաշարքերուն բոլոր դիտանկիւններէն: Այս դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ 13-15 յուլիսին: Անոր կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք լողարշաւի, հեծելարշաւի եւ կամ վազքի մրցումներու հսկած են:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 30 յունիս 2012-ը:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց անունները արձանագրել, կրնան ե-նամակի lebanesetriathlon@hotmail.com հասցէին ուղարկել իրենց անունը եւ կամ հեռաձայնել Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօր. Մահմուտ Տիպի (03-772262) եւ կամ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Սալահ Ֆարրանի (03-430851):
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print



