Monday May 20, 2013

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը

By adminx - Sat Jun 30, 7:54 am

Իրանի դեսպանը եւ նախագահ Սարգսեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի մէջ Իրանի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Ռէյիս:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է դեսպան Ռէյիսը` Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն սկսելու առնչութեամբ եւ յոյս յայտնած, որ պաշտօնավարման ընթացքին ան առաւելագոյն ջանքեր կը ներդնէ աւելի ամրապնդելու հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ խորացնելու բազմաբնոյթ համագործակցութիւնը:

Մոհամետ Ռէյիս նշած է, որ Իրան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը եւ վստահեցուցած է, որ իր գործունէութեամբ ըստ կարելւոյն կը նպաստէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կապերու յաւելեալ սերտացման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Իրանի դեսպանը քննարկած են երկկողմ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային փոխադարձ գործակցութեան ու շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Leave a Reply

Advertisement