Saturday May 25, 2013

Կիւլ. «Գոհ Ենք, Որ Հայաստանն Ալ Կ՛անդամակցի Սեւծովեան Համագործակցութեան»

By adminx - Sat Jun 30, 7:50 am

«Մարմարա» կը գրէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին յայտարարութիւններ կատարեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած համագումարի բացումէն վերջ սարքուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիա այս համագումարին մասնակցելու հրաւիրած էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, քանի որ Հայաստանն ալ կ՛անդամակցի համագործակցութեան կազմակերպութեան, բայց Հայաստան համագումարին այս անգամ մասնակցեցաւ աւելի ցած մակարդակով, Պոլիս եկաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեան:

«Մարմարա» կը գրէ, որ լրագրող մը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Կիւլին յիշեցուց, որ սահմանները փակ են Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ, այս պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կարելի է, որ տնտեսական համագործակցութիւն իրականանայ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ: Այս հարցումին պատասխանելով, Կիւլ բացատրեց, որ Սեւծովեան կազմակերպութիւնը տնտեսական շատ լայն գետնի վրայ տարածուած է: Թուրքիա կազմակերպութիւնը հիմնելու ընթացքին անդամակցելու հրաւիրեց ոչ միայն այն երկիրները, որոնք Սեւ ծովուն վրայ ափ ունին, այլ նաեւ երկիրներ, որոնք կապ չունին Սեւ ծովուն հետ: Ասոնցմէ մէկն է Հայաստանը: Հայաստանն ալ անդամակցութեան ընդունելու նախաձեռնութիւնը Թուրքիոյ կը պատկանի: «Բարի կամեցողութեան շրջագիծով Հայաստանն ալ հրաւիրուեցաւ այս կազմակերպութեան, հիմա Հայաստան կազմակերպութեան անդամակցող երկիր է: Այսօր ալ խօսեցանք Հայաստանի ներկայացուցիչին հետ: Դժբախտաբար մեր միջեւ կարգ մը հարցեր կան: Անհամաձայնութիւններ: Տենդագին աշխատանք կը տանինք, որպէսզի հարթուին բոլոր այս անհամաձայնութիւնները: Որքան յաջողինք այս անհամաձայնութիւնները լուծել եւ ստեղծել վստահութեան մթնոլորտ, այնքան կ՛աշխուժանայ տնտեսական համագործակցութիւնը», ըսաւ Կիւլ:

Ապա ան աւելցուց. «Հիմա չենք կրնար անգոյ նկատել այն հարցերը, որոնք գոյութիւն ունին: Եւ որպէսզի լուծենք զանոնք, բոլորս ալ պէտք է աշխատինք բարի կամեցողութեամբ: Այսպէս է, որ կրնանք հողատարածքը վերածել երջանիկ հողատարածքի մը, ուր փոխադարձ ներդրումներ կը կատարուին, ուր լրիւ կը գործեն ցամաքային կամ երկաթուղային կամ օդային ճամբաները: Մեր նպատակը ա՛յս է: Ինչպէս ըսինք, խնդիրներ կան: Բայց այդ խնդիրները լուծելու բարի կամեցողութիւնն ալ ունինք: Կը սիրեմ յուսալ, որ այս ժողովները կը ծառայեն նաեւ այդ նպատակին»:

Կիւլ դիտել տուաւ, որ Սեւծովեան կազմակերպութիւնը ունի 12 անդամ երկիրներ, եւ Թուրքիա գոհ է, որ Հայաստանն ալ կ՛անդամակցի այդ կազմակերպութեան: Հայաստանն ալ, ինչպէս անդամակցող բոլոր երկիրները, Պոլսոյ այս վեհաժողովին ընթացքին պարզեց իր տեսակէտները: «Ինչպէս ըսի, բոլորս ալ որքան բարեացակամ ըլլանք իրարու նկատմամբ եւ ճիգ վատնենք առկայ խնդիրներէն փրկուելու համար, հողատարածքը այնքան կ՛աշխուժանայ առեւտրական գործակցութեան տեսակէտէն», ըսաւ Կիւլ:

 

Leave a Reply

Advertisement