Ահմետ Ասիր Պիտի Շարունակէ Փակել Սայտայի Ճամբան` Նոյնիսկ Եթէ Մակ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Նիստ Մը Գումարէ
By adminx - Sat Jun 30, 7:48 am
- 0 Comments
- 86 views
- Tweet
Email
Print
Անցեալ չորեքշաբթի երեկոյեան կառավարութեան գումարած նիստէն եւ հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, կառավարութեան, բանակին եւ ապահովական ուժերուն տուած յստակ որոշումէն միայն երկու ժամ ետք Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած բաց նստացոյցը եւ Սայտայի ճամբան փակելու արարքը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ` սպառնալով լիբանանեան պետականութեան:
Շէյխ Ասիրի նախաձեռնած այս ինքնագլուխ արարքը պատճառ դարձաւ, որ Սայտայի հակառակորդ քաղաքական կողմերը միանան եւ մերժեն Ասիրի այս կեցուածքը, որ լիբանանեան պետութեան մարտահրաւէր կը կարդայ եւ Ազգային երկխօսութեան նիստէն բխած «Պաապտայի յայտարարութեան» հետ կը հակադրուի:
Մինչ շէյխ Ասիր կը սպառնայ նաեւ վաղը` կիրակի օր փակել նաեւ դէպի Սայտա տանող ծովային ճամբան, երէկ Սայտայի քաղաքապետարանի մուտքին Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա, Նասըրական շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ, հարաւային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան եւ շէյխ Մահեր Համմուտ կոչ ուղղեցին Ասիրին բանալու Սայտայի ճամբան` ընդգծելով, որ Լիբանանի թշնամին Իսրայէլն է:
Սինիորա կոչ ուղղեց բանալու Սայտայի բոլոր ճամբաները` բոլոր քաղաքացիներուն դիմաց: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամբողջ Լիբանանի տարածքին վերջ տալ ճամբաները փակելու երեւոյթին, որովհետեւ անկէ կը տուժեն բոլոր քաղաքացիները:
«Մենք կը յարգենք Սայտայի մէջ նստացոյց կատարողին կարծիքը, սակայն կտրականապէս կը մերժենք ճամբան փակելու որոշումը», ըսաւ Սինիորա:
Իր կարգին, շէյխ Ասիր արտասանեց ուրբաթ օրուան քարոզը` վերահաստատելով իր պահանջին առաջնահերթութիւնը, որն է Հըզպալլայի ապազինումը:
«Սայտայի ճամբան պիտի չբացուի, նոյնիսկ եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նիստ մը գումարէ», ընդգծեց Ասիր:
Ան նկատել տուաւ, որ Սինիորա պատասխանատու է իրենց դէմ Հըզպալլայի կողմէ կատարուելիք որեւէ յարձակումի, որովհետեւ ան կանաչ լոյս ընծայեց անոնց:
Ասիր շեշտեց, որ ինք Սայտայի բոլոր վաճառատուներուն նիւթական վնասները պիտի հատուցէ` վաճառելով իր բնակարանն ու հողը:
Յետմիջօրէին բանակը դիրքաւորուեցաւ Սայտայի մէջ եւ արգիլեց, որ քարեր փոխադրող փոխադրակառք մը հասնի Սայտա` փակելու համար ճամբաները: Նշենք, որ այդ քարերը շէյխ Ասիր պատուիրած էր:
Միւս կողմէ, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան անձնաւորութիւններ, որոնք կը ստեղծուին եւ լուսարձակի տակ կ՛առնուին տեղեկատուական մարզին կողմէ:
Անդրադառնալով շէյխ Ասիրի երեւոյթին` Ուահապ յայտնեց, որ Սայտայի մէջ մէկ աղբանոց կար, այժմ երկու աղբանոց կայ:
- 0 Comments
- 86 views
- Tweet
Email
Print



