Նախագահ Սլէյման Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը
By adminx - Sat Jun 30, 7:46 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան տուած վերջին որոշումը, որուն համաձայն, անհրաժեշտ է չհովանաւորել երկրին ապահովութիւնը խախտող յանցագործները:
Նախագահ Սլէյման զօր. Քահուաժիէն իմացաւ գետնի վրայ բանակին եւ ապահովական ուժերուն որդեգրած միջոցառումները:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը տեղեկութիւններ եւ տուեալներ, որոնք կը վերաբերին երկրին ապահովական պայմաններուն:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց արաբական եւ միջազգային առումներով Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անձնակազմին մէջ նոր անդամներու նշանակումին նախօրեակին կատարուող նախապատրաստութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին ընդհանուր հարցերը:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print




