Sunday May 26, 2013

Պան Քի Մուն Կը Պահանջէ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սահմանագծում Կատարել

By adminx - Sat Jun 30, 7:45 am

Պան Քի Մուն

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց թիւ 1701 բանաձեւին մասին իր տեղեկագիրը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծում պէտք է կատարուի:

Քի Մուն պահանջեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները անմիջապէս ազատ արձակել` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապը Լիբանանի վրայ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ, «սակայն լիբանանցի ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն կողմէ խիստ քաջալերելի է Ազգային երկխօսութեան նիստը գումարելու նախաձեռնութիւնը», աւելցուց ան:

Քի Մուն Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեց հսկել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ապահովութեան:

Փլամպլի Կ՛այցելէ Հարաւային Լիբանան

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի այցելեց հարաւային Լիբանան, ուր դրուատեց շրջանին բարգաւաճման եւ վերաշինութեան նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը, որոնց շնորհիւ 2006-էն ի վեր բարգաւաճում եւ տնտեսական աճ արձանագրուած է շրջանին մէջ:

Անդրադառնալով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` Փլամպլի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ճիգ չի խնայեր գործադրելու այդ բանաձեւը: Այս շրջագիծին մէջ ան դրուատեց նաեւ լիբանանեան բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող խաղաղութիւնը:

Փլամպլի ցաւ յայտնեց մատնանշելով տարանջատուող ռումբերու եւ ականներու գոյութիւնը հարաւի մէջ` աւելցնելով, որ անոնք իսկական սպառնալիք են հարաւին հանդարտութեան:

Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ յանձնառու է օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ ականուած շրջաններն ու տարանջատուող ռումբերով լեցուն տարածքները վնասազերծել:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement