Thursday Jun 20, 2013

«Այսուհետեւ Ֆինանսաւորումը Երբեք Արգելք Պիտի Չըլլայ` Ճարտարարուեստի Գործարաններ Հիմնելու» Յայտնեց Նախարար Սապունճեան

By adminx - Sat Jun 30, 7:42 am

Նախարար Սապունճեան, «Պէյրութ» դրամատան ընդհանուր տնօրէնը եւ նախարար Ֆատի Ապպուտ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ «Ֆոր Սիզընս» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Պէյրութ» դրամատան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած ճարտարարուեստի մարզին յատուկ փոխատուութիւններու սկիզբը յայտարարելու ձեռնարկին:

Նախարար Սապունճեան այս առիթով շեշտեց, որ այսուհետեւ ֆինանսաւորումը երբեք արգելք պիտի չըլլայ ճարտարարուեստի յատուկ գործարաններ հիմնելու կամ ճարտարարուեստի հաստատութիւնները բարգաւաճեցնելու:

«Մենք համոզուած ենք, որ ճարտարարուեստի մարզին յատուկ փոխատուութիւնները, այլ նախաձեռնութիւններու կողքին, ցուցանիշներ են, թէ Կեդրոնական դրամատունը եւ այլ դրամատուներ վստահութիւն ունին երկրին ճարտարարուեստի մարզին նկատմամբ: Այդ նախաձեռնութիւնները եւ վստահութիւնը իսկական ազդակ կը նկատուին երկրին տնտեսութեան բարգաւաճման», ըսաւ նախարար Սապունճեան:

Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ լիբանանցիները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` բարելաւելու համար ճարտարարուեստի մարզի բարգաւաճման ծրագիրները:

Leave a Reply

Advertisement