Ռայի Պատրիարքը Թուրքիայէն Կոչ Ուղղեց Անտիոքի Կաթողիկէ Եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներուն Միասնականութեան
By adminx - Sat Jun 30, 7:41 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շարունակեց Թուրքիա կատարած իր այցելութիւնը: Անտիոքի մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Անտիոքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներուն միասնականութեան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ գործնականացնելու արաբական իսլամ-քրիստոնեայ գարունը եւ ամրապնդելու Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միասնականութիւնը:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց նաեւ, որ ինք այցելած է Անտիոքի նահանգապետին ու քաղաքապետին եւ յայտարարած, որ անոնց պիտի ներկայացնէ փաստաթուղթեր` պահանջելու համար քրիստոնեաներուն կալուածները:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



