Sunday May 19, 2013

Ապատի. «Իսրայէլ Պատերազմ Սանձազերծելու Պայմաններու Տակ Չի Գտնուիր»

By adminx - Sat Jun 30, 7:40 am

Ղատանֆար Ապատի

Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի հանդիպում մը ունեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Իսրայէլ պատերազմ սանձազերծելու յարմար կացութեան մը մէջ չի գտնուիր, «մինչդեռ Իրան կազմ ու պատրաստ է»:

Ապատի Խմբագիրներու սենտիքան եւ անոր նախագահը շնորհաւորեց անոնց ընտրութեան առիթով եւ շեշտեց, որ Թեհրան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ գործադրելու համար լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի համաձայնագիրները:

Ապատի ընդգծեց, որ Իրան նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ զայն միջհամայնքային եւ միջյարանուանական լարուածութենէ հեռու պահելուն:

 

 

Leave a Reply

Advertisement