Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Sat Jun 30, 7:30 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի տարածքին ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրուի ամբողջ ամսուան ընթացքին, իսկ քաղաքական եւ ապահովական որոշումը երկուորեակներ են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պէյրութի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը ձուերու վրայ քալելու համազօր է:
ՇԱՔԵՐ Պըրժաուիի համակիրները երէկ նստացոյց մը կատարեցին քուէյթեան դեսպանատան ճամբուն վրայ: Անոնք քանի մը վայրկեանի համար փակեցին ճամբան, սակայն աւելի ուշ փոխադրուեցան դեսպանատան դիմացը գտնուող ճամբուն մէկ անկիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սթրիտա Ժահժահի տեղեկատու գրասենեակը յայտնեց, որ իր եւ երեսփոխան Էլի Քէյրուզի բնակարանին մօտակայքը ձերբակալուած «Մանար»-ի քամերամեններուն թղթածրարին առումով իրենք տակաւին հետաքննութեան արդիւնքներուն կը սպասեն: Միւս կողմէ, «Մանար»-ի թղթակիցն ու քամերամենը հաստատեցին, որ իրենք խոշտանգումի ենթարկուած են Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամներուն կողմէ:
ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, Սէուտական Արաբիոյ, Հըզպալլայի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի միջեւ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին` կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու համար:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ շարք մը նոր նշանակումներ կատարել, յատկապէս նահանգապետերու եւ դիւանագիտական անձնակազմի անձնաւորութիւններու առումով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը պատրաստուի յուլիսի երկրորդ կիսուն մեկնելու Գերմանիա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ: Կը նախատեսուի, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուին լիբանանեան-գերմանական յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ գործակցութիւնը ապահովական, տնտեսական եւ քաղաքական մարզերուն մէջ:
ԿԸ նախատեսուի, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ վերընտրուի Թալալ Արսլան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ապօրինի զէնքին կառչածութեան հետեւանքը եղած է երկրին մէջ ստեղծուած իրարանցումը եւ օրինազանցութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ կառավարութիւնը երկրին ապահովական եւ դատական իշխանութիւններէն պէտք է պահանջէ երկաթեայ բազուկով հարուածել երկրին ապահովութիւնը խախտելու բոլոր փորձերը:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան` ամրապնդելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 2 եւ երեքշաբթի, 3 յուլիսին խորհրդարանին մէջ գումարուելիք ընդհանուր ժողովին պատճառով դրամատուներու ճամբան փակ պիտի մնայ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ քաղաքապետական խորհուրդը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց մայրաքաղաքին բարգաւաճման, ելեւմտական եւ ընկերային հարցերուն վերաբերող հարցերը:
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print



