Friday May 24, 2013

Այսօր` Ժընեւի Մէջ «Սուրիոյ Շուրջ Աշխատանքային Խմբակ»-ի Ժողով

By adminx - Sat Jun 30, 7:29 am

Քոֆի Անան

Գերմանական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իր ձեռքը անցած է ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի այսօր Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներու, արաբական պետութեանց եւ Եւրոպական Միութեան մասնակցութեամբ «Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակ»-ի ժողովին ներկայացնելիք առաջարկին օրինակը:

Ըստ լրատու գործակալութեան, Անան Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման ծրագիր մը եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի առաջնորդող «արագ քայլեր» պիտի առաջարկէ: ՄԱԿ յայտնեց, որ Անանի պատրաստած «փաստաթուղթին շուրջ սկզբունքային բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան այսօր (ուրբաթ) Ժընեւի մէջ` նախքան շաբաթ օրուան նախարարական ժողովը»:

Փաստաթուղթը Սուրիոյ մէջ իշխանութեան փոխանցման «սկզբունքները» կը ճշդէ: Ըստ անոնց, սուրիացի ժողովուրդը իրաւունք ունի պետութեան ապագան ճշդելու եւ պէտք է ընկերութեան բոլոր հատուածներուն օժանդակել ազգային երկխօսութեան հոլովոյթին մասնակցելու. Սուրիոյ մէջ տագնապը վերջ պիտի գտնէ այն ատեն միայն, երբ առնչակից կողմերը վստահ ըլլան Սուրիոյ մէջ բոլորին համար դէպի հաւաքական ապագայ խաղաղ ուղիի մը գոյութենէն:

Փաստաթուղթը կ՛առաջարկէ կազմել գործադիր ամբողջական իշխանութեանց տէր ազգային միասնականութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն մը, որուն կրնան մաս կազմել ներկայ կառավարութենէն, ընդդիմութենէն եւ այլ խմբաւորումներէ անդամներ:

Դիւանագիտական աղբիւրներ գերմանական լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Անանի նոր ծրագիրը չի նշեր, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ փոխանցման կառավարութեան անդամ պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ: Հակառակ այդ իրողութեան, ծրագիրը կը բացառէ անդամակցութիւնը ներկայ կառավարութենէն եւ ընդդիմութենէն այն անհատներուն, որոնց ներկայութիւնը կրնայ վնասել հաշտութեան հոլովոյթի հաւաստիութեան: Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներուն, այդ անհատները անոնք են, որոնց նկատմամբ ՄԱԿ-ի հետաքննիչները մարդկութեան դէմ վտանգաւոր ոճիրներու մեղսակցութեան կասկածներ ունին:

Աղբիւրները կը նշեն, որ Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակի անդամներուն, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ  խոր տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, եւ ծրագիրը կրնայ շաբաթ օր բարեփոխումներու ենթարկուիլ:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մէջ արեւմտեան դիւանագէտներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ռուսիա Անանի եւ առնչակիչ երկիրներուն հաւաստած է, թէ Անանի կողմէ առաջարկուած «թղթիկներուն» համաձայն է: Օրաթերթը եւս Անանի ծրագիրէն օրինակ մը ձեռք ձգած է եւ կը նշէ, թէ անիկա բաղկացած է երեք էջերէ ու չորս գլխաւոր գլուխներէ եւ կը կրէ «Սուրիացիներու ղեկավարութեամբ փոխանցման ընդհանուր գիծեր եւ սկզբունքներ» խորագիրը:

Ըստ «Հայաթ»-ի, փաստաթուղթը կը նշէ, որ «քաղաքական որեւէ լուծում պէտք է սուրիացի ժողովուրդին ապահովէ փոխանցում մը դէպի ապագայ, որ կրնայ բոլոր սուրիացիներուն համար հասարակաց ըլլալ»:

«Ապագայի պատկերացում» խորագիրը կրող առաջին գլուխին մէջ կը նշուի, որ սուրիացի ժողովուրդը կը ձգտի կազմել բազմակարծիք ժողովրդավարական պետութիւն մը, որ ընտրութիւններու մէջ պարկեշտ եւ հաւասար քաղաքական մրցակցութիւն կ՛արտօնէ, ինչպէս նաեւ կը յարգէ մարդկային իրաւանց միջազգային արժեչափերը, արդարադատութեան անկախութիւնը եւ ժողովուրդին ընձեռուած մեքանիզմներու ճամբով իշխանութեան վրայ գտնուողներու հաշուետուութեան ենթարկումը, հաւասար առիթներ կ՛ընծայէ բոլորին առանց յարանուանական, ցեղագրական, կրօնական կամ այլ խտրականութեան եւ կը յարգէ փոքրագոյն փոքրամասնութեանց իրաւունքները:

«Փոխանցման հոլովոյթին մէջ յստակ քայլեր» խորագիրը կրող երկրորդ գլուխին մէջ կը նշուի, որ պէտք է պայմանաժամ ճշդել լուծումին, որ բաղկացած պէտք է ըլլայ ճշդուած քայլերէ: Կը նշուի նաեւ, որ որեւէ լուծում պէտք է ներառէ ազգային միութեան փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը, որ կրնայ փոխանցման հանգրուանին համար անկողմնակալ մթնոլորտ մը ստեղծել, օժտուած է գործադիր ամբողջական լիազօրութիւններով եւ որուն կրնայ անդամակցիլ ներկայ կառավարութենէն, ընդդիմութենէն կամ այլ խմբակէ ոեւէ անհատ, որուն ներկայութիւնը փոխանցման հանգրուանի հոլովոյթի հաւաստիութիւնը չի վտանգեր կամ կայունութիւնն ու հաշտութիւնը չի քայքայեր:

«Ապահովութիւն, կայունութիւն եւ հանդարտութիւն» խորագիրը կրող երրորդ գլուխը կոչ կ՛ուղղէ առնչակից բոլոր կողմերուն ամբողջական հանդարտութեան, ազգային միութեան կառավարութեան հետ գործակցութեան, բռնարարքներու մնայուն դադրեցման, զինեալ խմբակներու զինաթափման ու համարկման եւ զինեալ երեւոյթներու բնակելի շրջաններէ հեռացման:

Իսկ «Հաւաստիութիւն վայելող քաղաքական համաձայնութեան հասնելու արագ քայլեր» խորագիրը կրող չորրորդ գլուխը կը շեշտէ, որ անհրաժեշտ է յարգել Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, միութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: «Տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ երկխօսութեան եւ բանակցութեան ճամբով, արիւնահեղութեան դադրեցման, ինչպէս նաեւ (Անանի) վեց կէտերու ծրագիրին բոլոր կողմերուն յանձնառութեան խոստումին հիման վրայ», կը նշուի չորրորդ գլխուն մէջ:

Փաստաթուղթը նաեւ առնչակից կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ երկխօսութեան իրենց ներկայացուցիչները ճշդելու:

Մինչ այդ, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդեց, որ «Սի. Այ. Էյ.»-ը Ասատը տապալելու նպատակով սուրիական վարչակազմէն բարձրաստիճան եւ միջին աստիճանի անդամներու հետ գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ:

Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը իր կարգին կը գրէ, որ գոյութիւն ունի այն կարելիութիւնը, որ Ասատ իշխանութեան վրայ մնայ աւելի քան երկու տարի եւս: Ըստ օրաթերթին, արեւմտեան կառավարութիւնները կը փորձեն Ասատը իշխանութեան վրայ պահել յաւելեալ երկու տարի` փորձելով ներկայիս Սուրիայէն անցնող եւ Եւրոպան մատակարարող քարիւղի խողովակաշարերուն այլընտրանքներ գտնել:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական ղեկավարութիւնը եւ ՕԹԱՆ-ը կը քննարկեն այն կարելիութիւնը, որ թրքական օդանաւը վար առնելու որոշումը եւ գործադրութիւնը կը պատկանի սուրիական բանակին օժանդակող ռուս սպաներու: Իրանեան «Փրես Թի. Վի.»-ն իր կարգին կը հաղորդէ, որ Անգարա Սուրիոյ օդային տարածքը խախտելու քայլին դիմած է Ուաշինկթընի թելադրանքով: «Կայ մեծ հաւանականութիւն, որ օդանաւերը կը փորձարկէին Սուրիոյ պաշտպանութեան համակարգերը կամ կը ստուգէին այլ հակազդեցութիւններ: Ատիկա թշնամիի վարքագիծ է: Անոնք կ՛ուզէին պատասխան ստանալ, եւ ահա ստացան», կը հաղորդէ «Փրես Թի. Վի.»:

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը, անդրադառնալով թրքական «Էֆ-4» օդանաւի կործանուելէն ետք Սուրիոյ սահմանին մօտ թրքական ուժերու կուտակման պատճառներու, կը գրէ, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու:

Ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական մը «Վաթան»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին Թուրքիա ՕԹԱՆ-էն պահանջած է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծել` Ասատի իշխանութենէն փախուստ տուած մարդիկը այնտեղ ապահով պահելու համար եւ ուր նաեւ թռիչքներու համար արգիլեալ գօտի պիտի յայտարարուի: Այդ ծրագիրին մասին տեղեկութիւնը հաստատած է նաեւ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտ մը: Ըստ անոր, ՕԹԱՆ-ի մէջ ներկայիս կը քննարկուի Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծման հարցը: Կը նշուի, որ թրքական բանակի սպայակոյտը կը նախատեսէ ապահովական գօտի ստեղծել Սուրիոյ Քամիշլիի շրջանի եւ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հարիւր հազարաւոր կոտորուած հայերու բաց գերեզմանոց հանդիսացող Տէր Զօրի մէջ:

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը գրէ, որ խնդիրին վերաբերեալ Թուրքիոյ շարք մը պահանջները զարմացուցած են ՕԹԱՆ-ի անդամները:

Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Մուսթաֆա Շէյքի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաւաստած է, որ կառավարական զօրքերը շուրջ 170 հրասայլ տեղակայած են Հալէպ քաղաքի հիւսիսը` թրքական սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ըստ անոր, այդ քայլը կատարուած է երկու նպատակով, կա՛մ ատիկա պատասխան քայլ է Թուրքիոյ կա՛մ ալ Ասատի հաւատարիմ զօրքերը կը պատրաստուին սահմանամերձ ընդդիմադիր քաղաքներու եւ գիւղերու վրայ յարձակելու: Նշենք, որ Թուրքիան երկու օր առաջ Սուրիոյ հետ իր սահմանը հրթիռային սարքեր եւ հրետանի ուղարկեց:

 

Leave a Reply

Advertisement