Եգիպտոսի Սահմանադրական Դատարանը Պիտի Չընդունի, Որ Մուրսի Իր Երդումը Դատարանէն Այլ Տեղ Կատարէ
By adminx - Sat Jun 30, 7:28 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտոսի Սահմանադրական դատարանի նախագահի տեղակալ Թահանի Ժիպալի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սահմանադրական դատարանը վստահեցուցած է, որ նախագահական երդումը կարելի չէ իր նստավայրէն դուրս կատարել եւ նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսի պարտաւոր է երդում կատարելու համար այդտեղ գալ:
Ան նշեց, որ դատարանին մէջ երդումի արարողութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինն է, ուստի դատարանը նախանձախնդիր պիտի ըլլայ զայն սահմանադրական օրինականութեան ծիրին մէջ դնելու:
Ժիպալի շեշտեց, որ երդման արարողութեան խորհրդարանի անդամներու ներկայութիւնը արգիլուած է եւ դատարանը ոեւէ երեսփոխանի այդ հանգամանքով ներկայութիւնը պիտի չընդունի, «սակայն կարելի է կուսակցութեան ղեկավարները հրաւիրել… ասիկա չի նշանակեր, թէ նախագահը որեւէ այլ տեղ իր ուզած անձերուն մասնակցութեամբ տօնակատարութիւն կատարելու իրաւունք չունի»:
Ան ըսաւ, որ տագնապալի կացութիւնը կը ստեղծուի սահմանադրական օրինականութենէն դուրս գալէն, իսկ նախագահը ընտրուած է յայտարարուած սահմանադրութեան մը հիմամբ եւ ան պէտք է ատոր յանձնառու մնայ, «եթէ մերժէ յանձնառու մնալ, իր օրինականութիւնը կորսնցուցած պիտի ըլլայ»:
Միւս կողմէ, եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ շարք մը ղպտի գործիչներ Մարդկային իրաւանց եգիպտական միութեան կեդրոնատեղիին մէջ իրենց խորհրդակցական ժողովին ընթացքին փոխնախագահի կամ նախագահական խորհուրդի փոխնախագահի պաշտօնին համար առաջարկած են երկու ղպտիներու անուններ. անոնք են` Գահիրէի նահանգապետի քաղաքի հիւսիսային շրջանի հարցերով տեղակալ Սամիր Մըրքոս եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մուտիր Ֆախրի Ապտել Նուր:
Մարդկային իրաւանց եգիպտական միութեան նախագահ Նաժիպ Ժըպրայէլ յայտնեց, որ ղպտի եկեղեցին եւս այս անուններուն համաձայն է:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print



