Friday May 24, 2013

Սիրելի Ուսուցիչիս Յիշատակին…

By adminx - Sat Jun 30, 5:40 am

«Քու յիշատակդ այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ.
Կարծես մեկնած էր սրտէս, եւ գաղտնաբար այս գիշեր
Ետ կը դառնայ իր հին տեղն ու հին գգուանքը կ՛ուզէ.

Կը սեղմուի գրկիս մէջ, կը բարձրանայ կուրծքս ի վեր…
Քու պատկերդ աչքիս մէջ եւ քու ձայնդ` ականջիս,
Կը թրթռան այս գիշեր, երակներուս մէջ կարծես
Քաղցրահոս շունչդ է լեցուած, որ կը զգլխէ, կ՛օրօրէ զիս:
Յիշատակովդ այս գիշեր, կը զգամ այնչա՛փ զիս հարուստ,
Այնչա՛փ բարի, երջանիկ… որ գթութեամբ մը անհուն`
Կը մտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլոր խեղճերուն…»:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Մայիս 19-ի առաւօտուն, ծրագրած էի դիտել մեր նախորդ տարիներու ելոյթներէն մէկը` վերապրելու համար այն պանծալի եւ կենսուրախ վայրկեանները, որոնք վայելած եմ պրն. Ֆելիքսին հետ: Տարօրինակ զուգադիպութիւն, ժամ մը չանցած` իմացայ պրն. Ֆելիքսին մահուան գոյժը: Ան աչքերը փակած էր առ յաւէտ հանգիստի մը համար: Անհուն կսկիծ պատեց հոգիս: Այդ անբացատրելի թախծոտ վայրկեանին աչքերուս առջեւ փայլեցան 19 տարիներու փառաւոր, շքեղ եւ ստեղծագործ նորութիւններով մեր ելոյթները: Նախ յիշեցի իմ առաջին պարի պահս պրն. Ֆելիքսին հետ, երբ մօտ 200 աշակերտներէ բաղկացած խումբ մը ղեկավարող պրն. Ֆելիքսը իւրաքանչիւրիս ձեռքերը ու մատները կը շտկէր մէկ առ մէկ, իր նկատողութիւններուն ընդմէջէն կը բացատրէր տիպար հայուհիին կեցուածքն ու յատկութիւնները:

Պրն. Ֆելիքս, ամբողջական իմաստով այս արուեստագէտը, հաւատալով, որ ազգային դաստիարակութեան էական գործօններէն մէկը հայ մշակոյթն է, ջանք չխնայեց այդ շունչն ու հոգին ներարկելու մեր մէջ:

Այո՛, այսօր քեզի կը պարտիմ ունեցած ազգային պատկանելիութիւնս, որովհետեւ ամրապնդուեցաւ քեզմով: Սրտիս մէջ յատուկ տեղ ունին իր խրատները, մանաւանդ այն խօսքը, երբ պարի փորձէն ետք յոգնած ու առօրեայի տաղտուկներէն ճնշուած ըլլալս նկատելով, ըսաւ. «Մի՛ յուսահատիր, եռանդդ ու կորովդ կրկին հաւաքէ, որովհետեւ կ՛ընես այն, ինչ որ կը սիրես: Գիտցի՛ր, որ սիրած գործէդ հեռու չես կրնար մնալ»: Փաստօրէն, ինք ալ, մինչեւ վերջին շունչը իր սիրած արուեստէն չկրցաւ հեռու մնալ…

Սիրելի՛ պրն. Ֆելիքս,

Վերջին անմոռանալի յիշատակդ ուսուցչաց տօնն էր, երբ քու խանդավառութեամբդ ու վեհանձն հոգիովդ զիս լեցուցիր եւ խրատներովդ նորոգեցիր ու ոգեւորեցիր զիս:

19 տարիներուն ընթացքին դուն եղար խիստ, միաժամանակ մեզ պատրաստեցիր կեանքին, ուր ամէն ինչ վարդագոյն չէ, ուր վճռական տոկուն եւ հաստատ կամք ունենալը պայման է: Դուն կամուրջ մը ստեղծեցիր եւ հայրենիքին հետ մեզ կառչած պահեցիր քու գիտելիքներովդ ու կեանքի փորձառութիւններովդ:

Անվարան կ՛ըսեմ, որ 1993-էն մինչեւ օրս, 19 տարիներ ետք պրն. Ֆելիքսին աշակերտները յաջող կը գործեն իր գծած ճամբով, հայու ոգի ներարկելով նոր սերունդի տարբեր խումբերու մէջ: Լիբանանահայութիւնս վայելեցինք որակաւոր ելոյթներ, որոնց ընդմէջէն թափանցեցինք հայոց պատմութեան էջերը, վերակենդանացուցինք հայ մշակոյթն ու աչքառու դէմքերն ու դէպքերը:

Իր միջոցով յաւերժացան հայ պարն ու պարարուեստը: Տպաւորիչ էին 1988-ի երկրաշարժին նուիրուած ելոյթը, ինչպէս նաեւ «Հայկական հարսանիքը», «Ախ Թամարը», «Վարդանանց պատերազմը», «Արա գեղեցիկ եւ Շամիրամ»ը, «Ապրիլեան եղեռնը եւ գլուխ գործոց «Շարլ Ազնաւուր»-ը, նոյնիսկ «Լիբանանեան շուկայ»ն:

Սիրելի՛ պրն. Ֆելիքս Յարութիւնեան, կը խոնարհիմ յիշատակիդ առջեւ… Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ուսուցիչս: Կը մնաս յաւերժ սրտիս մէջ եւ յիշատակներուս գեղեցկագոյնը… Բոլոր յաջողութիւններս քեզի կը նուիրեմ: Յարգանք, սէր եւ պատիւ յիշատակիդ:

ԱՆԻԹԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆ

Leave a Reply

Advertisement