Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
By adminx - Sat Jun 30, 5:38 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
Կիրակի, 17 յունիս 2012: Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ բացառիկ եռուզեռ կայ, կարծէք` տօնական ըլլար: Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն է: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարժարանի հանդիսասրահին բեմի վարագոյրը կը բացուի եւ կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հպարտօրէն կը հնչեցնեն Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Այդ օր մանկապարտէզի փոքրիկները սովորականէն աւելի գեղեցիկ երեւոյթ ունէին, իրենց անմեղ դէմքերէն կը շողարձակուէր բացառիկ ուրախութիւն, գունագեղ զգեստներու մէջ անոնց շարժումները դարձեր էին աւելի առոյգ եւ կայտառ. հանդիսատեսը ակամայ իր կարգին հոգեպէս փոխադրուած էր բեմ` ըմբոշխնելու օրուան ընձեռած բարիքները:
Աշակերտները հանդէս եկան հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն քաղցր եւ յստակ առոգանութեամբ, իմաստալից եւ խորհուրդ փոխանցող բծախնդիր յայտագիրով մը, որ ներկայացուեցաւ իրերայաջորդ աշխուժ երկխօսութեամբ, ներկայացումներով, արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով` այս բոլորը` փոքրիկներու վայելչագեղ զգեստներով:
Երեք լեզուներով կատարուած ներկայացումները կը փոխանցէին վարժարանին նպատակները, որոնց շառաւիղովը իւրաքանչիւր աշակերտ քրիստոնէական հաւատքով, հայակերտ շունչով եւ բարոյական արժէքներով, յանձնառու գիտակցութեամբ եւ պարտաւորութեամբ կ՛առաջնորդուի, կը դաստիարակուի եւ կը կազմաւորուի Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի կամարներուն ներքեւ:
Հանդիսականները շուրջ երկու ժամ իրենց ներաշխարհին մէջ մանկացան, զուարճացան եւ ոգեւորուեցան փոքրիկներու ազգային եւ կենսայորդ շունչով ու ապագայ խոստմնալից յոյսերով:
Յայտագրի բովանդակութենէն եւ պատրաստութենէն կ՛արտացոլար մանկապարտէզի կրթական տարեշրջաններու ամբողջական ծրագիրները, որոնք հետեւողական դրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը հսկուին հայ քոյրերու կողմէ:
Յայտագիրի սկիզբը խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ իր խօսքը բաժնած էր եռեակ խորհուրդներու:
Ան դիտել տուաւ, որ ծաղիկ դասարաններու 37 շրջանաւարտներուն համար յատկանշական եւ անմոռանալի օր է, որ սկիզբ պիտի ըլլայ հետագայ մեծագոյն վկայականներու, բարձր ուսումներու, տիտղոսներու:
Այս առիթով ան շնորհաւորեց փոքրիկ շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները:
«Մեր սրտագին մաղթանքն է, որ մեր փոքրիկները ըլլան առոյգ, կենսունակ բարեսիրտ, ուսումնասէր, հասնին ակադեմական ուսումներ, սիրեն եւ արժեւորեն բարին, գեղեցիկն ու վսեմը, ըլլան նկարագրի տէր պատանիներ, երիտասարդներ, ճշմարիտ հայորդիներ մեր ազգին, հայրենիքին, ընտանիքին երախտապարտ զաւակներ, պատուաբեր հռիփսիմեանցականներ:
«Այսօր` 21-րդ դարու դժուարին այս պայմաններուն մէջ, աւելի քան երբեք, կրթական, դաստիարակչական մեր առաքելութիւնը դարձած է մեզի համար սրբազան կտակ, ամբողջական նուիրում, զոհողութիւն, ինքնամոռացում, սփիւռքեան անհեթեթ կեանքին ու պայքարին դիմաց: Մենք աննահանջ ենք, ազգանուէր մեր առաքելութիւնը պիտի շարունակենք անխոտոր, անսայթաք, որպէսզի նորահաս հայ սերունդները դաստիարակուին ու զարգանան հայ ոգիով, հայու շունչով, թրծուին Հայ եկեղեցւոյ ու ազգային վեհ սկզբունքներով, ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ, աստուածասիրութեամբ, յայտնեց ան:
Քոյր Արմինէ Մակարոսեան նշեց, որ դպրոցի դաստիարակչական առաքելութեան մեծագոյն նեցուկը, զօրավիգը, պաշտպանը ծնողներ են, որոնց անկեղծ սիրով, հոգատարութեամբ հայ դպրոցը պիտի համապատասխանէ արդի պահանջներուն եւ դառնայ լուսահեղ փարոս երիտասարդ միտքերուն, լիացնէ իրենց տենչերն ու սլացքը:
«Իսկ այժմ, այս բեմէն, կ՛ուզեմ ջերմագոյն շնորհակալութիւններս յայտնել Հռիփսիմեանց մեծ ընտանիքին բոլոր աշխատակիցներուս, նախ` միաբանակից անսակարկ նուիրեալ սիրելի քոյր Էլիզին, անձնուէր դաստիարակներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, պաշտօնէութեան, մեր օգնականներուն: Շնորհակալութիւն ձեր վաստակին, սիրելինե՛ր:
«Ամենաջերմ շնորհակալութիւնս ամէնէն առաջ եւ ամէնէն վեր` մանկապարտէզի անխոնջ մշակներուն` պատասխանատու, դաստիարակ, ուսուցչուհիներ, երգուսոյց, դերուսոյց, պարուսոյց, հանդիսավար, առանց մոռնալու քուլիսներու ետեւ լուռ աշխատողները, ամբողջ տարուան իրենց խնամուած, բծախնդիր աշխատանքին, եւ յատկապէս` այս հանդէսին համար առաւել յոգնած ու քրտնած սիրելի խմբակին: Բոլորին վարձքը կատար: Թո՛ղ Տէրը օրհնէ անշահախնդիր ձեր աշխատանքը, ձեր ջանքերը պսակուին աստուածային երկնառատ պարգեւներով», եզրափակեց տնօրէնուհին:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print



