ՀԲԸՄ. Երկու Մանկապարտէզ` Երկու Հանդէս
By adminx - Sat Jun 30, 5:37 am
- 0 Comments
- 63 views
- Tweet
Email
Print
ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան
ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու բոլոր այն աշակերտները, որոնք հանգրուանի մը աւարտին հասած են, իրենց վկայականները ստացան յատուկ հանդէսներու ընթացքին:
Առաջինը զոյգ մանկապարտէզներու հանդէսներն էին:
Շաբաթ, 9 յունիսի յետմիջօրէին ՀԵԸ-ի «Զ. Մովսէսեան» սրահին մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսի օրն էր:
Որոշեալ ժամուն, երբ բեմի գոց վարագոյրի ետին անհանդարտ շարժումներ կը նշմարուէին եւ ճեղքերէն փայլփլուն աչուկներ կը ծիկրակէին, նախ Լիբանանի, ապա Հայաստանի եւ ՀԲԸ Միութեան օրհներգերը հնչեցին:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Նազարեանի մանկապարտիզպան Թալին Մարգարեանը, որ նախ գովեց իր սաները, ապա ընդգծեց անոնց արձանագրած յաջողութիւններն ու բարի երթ մաղթեց բոլորին: Մանկապարտիզպանուհին նշեց, որ իրենց առաջին վկայականին հասած փոքրիկները անմոռանալի յուշերով պիտի դիմեն դէպի դպրոց, դէպի նոր հանգրուան ու նոր մեկնակէտ, նոյն հարազատ յարկին տակ:
Բեմին վարագոյրը ի վերջոյ բացուեցաւ եւ սրահը ողողուեցաւ վառ ու պսպղուն գոյներով: Ծաղիկ դասարանցիները իրենց հանդէսը ներկայացումով մը սկսան: «Ժողով» էր եւ «ժողովականները» ամենայն լրջութեամբ միութենական հարցեր կը քննարկէին ու որպէս արդիւնք` կարեւոր որոշումներ կը կայացնէին: Այնուհետեւ բեմը աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ մագնիսի նման իր վրայ սեւեռուած պահեց հարիւրաւոր ուրախ եւ յուզուած հայեացքներ: Մեր նորագոյն սերունդն էր խօսողը, երգողը, արտասանողն ու պարողը: Մանկապարտէզի չորս բաժիններու բոլոր աշակերտները երգչախումբ կազմած` մանկական երգերու շարք մը երգեցին: Որքա՜ն գեղեցիկ հնչեց մեր մայրենին: Ներկաներէն իւրաքանչիւրը վստահաբար հպարտութեան զգացումով լեցուեցաւ ի տես հայախօս ու հայաբոյր այդ ծաղկեփունջին:
Կեցցեն բոլոր այն ծնողները, որոնց մտքով անգամ չ՛անցնիր օտար վարժարաններուն վստահիլ իրենց զաւկին դաստիարակութիւնը: Ինչպէ՜ս կարելի է երեխային չտալ իր իրաւունքը, իրեն հասանալիքը` իր մայրենին, իր էութիւնը:
Երիտասարդ ծնողներու հոյլ մը կը ցնծար սրահին մէջ: Իրենց զաւակները յանձնած հայկական օճախի մը հովանիին` անոնք քաջ կը գիտակցին, որ իրենց ժառանգները զինելով հայեցի կրթութեամբ ու ազգային աւանդութիւններով, ոչ միայն առողջ սերունդ կը պատրաստեն, այլեւ կը պատրաստեն սերունդ մը, որ սեփական դիմագիծ եւ արժանապատուութիւն ունի:
Հանդէսը իսկապէս տօնական էր: Երեխաները իրենց անկեղծութեամբ, անմիջականութեամբ, համարձակութեամբ եւ օրէնք ու սահմաններ մերժող խինդով առինքնեցին ներկաները եւ բոլորին ուրախութեան անմոռանալի պահեր պարգեւեցին:
Եօթը պարերէ բաղկացած շարքին վերջինը հայկական «Հոյ, նազան իմ եարը» ժողովրդական երգին երաժշտութիւնն էր, որուն կշռոյթին տակ նազարեանցի փոքրիկները շատ բան ապացուցեցին ներկաներուն:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ բեմ բարձրացաւ ՀԲԸՄ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեան: Ան խօսեցաւ դպրոցին յիսուն տարիներու գոյութեան, պայքարին, անոր տուած աւելի քան հազար հինգ հարիւր շրջանաւարտներուն եւ տարուած ու դեռ տարուելիք աշխատանքներուն մասին եւ լաւատեսութիւն ու դրական լիցք փոխանցեց ներկաներուն:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Սիրան Գաթըրճեանը, այնուհետեւ իրենց ծաղիկ կեանքի առաջին վկայականները ստացան` Ճոյս Աւետիսեան, Կարէն Պաղսարեան, Մարի Պել Հաճեան, Փաթիլ Յակոբեան, Սէրլի Քէօշկէրեան, Կրէյս Խանճեան, Մարտիկ Խաչատուրեան, Պերճ Կէօքճեան, Փաթիլ Մավլեան, Այգ Չըլտրեան, Բալիկ Թաքաճեան եւ Սելին Զոպոյեան:
Վկայականները ստանալէ ետք մեր նորընծայ ու հպարտ շրջանաւարտները բարձր տրամադրութեամբ խմբովին «Մնաս բարով մանկապարտէզ» երգը երգեցին…
ՀԲԸՄ Պօղոս Գ.Կարմիրեան Վարժարան
Կիրակի, 10 յունիս, առաւօտեան ժամը 11:00, Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի մանկապարտէզի վկայականներու բաշխման հանդէս` հովանաւորուած ՀԲԸ Միութեան Կրթական յանձնախումբին կողմէ:
Տպաւորիչ է գունային-երանգային նուրբ բաժանումներով իրագործուած բեմայարդարումը:
Մանկապարտիզպանուհի Սոնիա Տէյիրմենճեանի բացման խօսքէն անմիջապէս յետոյ բեմ սկսան բարձրանալ տարբեր ծաղիկներ ներկայացնող կարմիրեանցիները… նախ «ծաղիկները» ձմրան վերմակի տակէն «խօսեցան», ապա ծագեցաւ «արեւ»-ն ու իր ջերմութեամբ հալեցուց ձիւնը, որուն տակէն նոր «ծաղիկներ» յայտնուեցան ու հայերէն խօսքը աւելի հիւթեղ ու աւելի գրաւիչ դարձաւ:
«Սարի լալա»` Բողբոջ դասարանցիները սեւ ու կարմիր տարազներով շատ սիրուն պար մը ներկայացուցին, որուն յաջորդեցին «Կակաչ»-ը եւ «Հայրիկիս ու մայրիկիս» խմբային արտասանութիւնները: Հանդէսի ընթացքին ելոյթ ունեցան նոյնիսկ Ծիլ դասարանցիները` արժանանալով սրահի ջերմ ծափողջոյններուն:
Ամէն բան մտածուած ու խիստ կազմակերպուած էր: Երգ, պար, արտասանութիւն, խաղ, երեք լեզուներ` հայերէն, արաբերէն , անգլերէն… Երեխաները շնորհալի կերպով ի ցոյց դրին այն, ինչ որ ամբողջ տարուան ընթացքին այնքան հաճոյքով սորված եւ իւրացուցած էին:
Երեխաներուն իւրաքանչիւր շարժումն ու ժեսթը, իւրաքանչիւր ակնարկն ու ժպիտը մեծագոյն ուշադրութեան արժանի են: Հանդէսին ամբողջ ընթացքը միմիայն հաճոյքի եւ խանդաղատանքով լի անմոռանալի պահեր նուիրեց հանդիսատեսին:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ ելոյթ ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը: Անոր խօսքը միայն յաւուր պատշաճի արտասանուած խօսք չէր, այլ դիպուկ էր ու նպատակային: Յաջորդ ուսումնական տարին Կարմիրեան վարժարանը եօթներորդ` նոր դասարանով մը եւս պիտի հարստացնէ, որ կը նշանակէ, թէ այս տարուան Զ. կարգի աշակերտները իրենց ուսումը նոյն հարազատ յարկին տակ պիտի շարունակեն ստանալ: Կարմիրեանցիները խանդավառ են այս նորութեամբ եւ կը յուսան, որ գալիք իւրաքանչիւր տարուան հետ նոր դասարան մը կ՛աւելնայ ու իրենք դպրոցական ուսման ողջ շրջանը սիրելի դպրոցին մէջ կ՛ամբողջացնեն:
Տնօրէնուհիին խօսքէն ետք կարգը մանակապարտէզի երգչախումբինն էր, որ տասնեակի հասնող երգերու շարք մը ներկայացուց` մեծ հաճոյք պատճառելով բոլոր ներկաներուն:
Աւարտական Ծաղիկ դասարանի աշակերտութեան վկայականներու բաշխումէն առաջ խօսք տրուեցաւ Կարօ Արփաճեանին, որ օրուան հանդէսին ընդմէջէն հասաւ իր մանկութեան յուշերուն, նոյն դպրոցի տարբեր հանգրուաններուն եւ շեշտեց, որ ինք հպարտ է Կարմիրեանի շարունակուող երթով, այն դպրոցով, որ իր յատուկ տեղը կը գրաւէ լիբանանեան կրթական-ուսումնական համակարգին մէջ, այն շրջանաւարտներով, որոնցմով հպարտ կրնայ ըլլալ Լիբանանն ու Հայաստան հայրենիքը:
Քիչ ետք սրահը լեցուեցաւ Վերտիի երաժշտութեան հնչիւններով եւ բեմը զարդարուեցաւ կարմիրեանցի շրջանաւարտներու ծաղկեփունջով: Ահա անոնք` Միրէյ Անթունեան, Մարալ Կիրիթլեան, Մարիթա Ճուլֆայեան, Նարեկ Գասպարեան, Թիանա Մալեան, Նազարէթ-Քրիսթ Շահինեան, Րաֆֆի Չագըրեան, Մարիա Թութիկեան եւ Մարիա Իւրնէշլեան: Մանկապարտիզպանուհի, տնօրէն, կրթական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, վկայականներու եւ ծաղիկներու բաշխում, ուրախութիւն, ցնծութիւն, յուզում… Մեր փոքրիկները իրենց կեանքի կարեւոր մէկ շրջանը եզրափակելով յառաջ կ’անցնին դէպի ուսումնական նոր ու աւելի բարձր հանգրուան եւ մենք վստահ ենք, որ անոնք միմիայն յաջողութիւններ պիտի արձանագրեն:
- 0 Comments
- 63 views
- Tweet
Email
Print



