Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսը
By adminx - Sat Jun 30, 5:36 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
2011-2012 կրթական տարեշրջանի աւարտն է արդէն, մեր վարժարանները կը ներկայացնեն իրենց տարեկան հունձքը` մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ երկրորդականի բաժիններուն:
Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի վկայականներու բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ 12 յունիս 2012-ի երեկոյեան, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յարութիւն Լութֆիկ Սարգիսեանի:
Բեմական գեղեցիկ յարդարանքը` վարժարանի խորհրդանիշով, այբուբենի տառերու «հսկողութեամբ», հանդիսասրահին մթնոլորտը կը լուսաւորէ ու կը ջերմացնէ:
Հանդիսութեան յայտագիրը կը ներկայացնէ պարային կատարումներ` տարբեր ազգերու ժողովրդային կեանքը պատկերացնող: Մերթ ընդ մերթ բեմի ճակատին կ՛երեւի մանկապարտէզին մէջ կատարուած աշխատանքներուն տեսերիզը: Վկայութիւն մըն է այս, որ կը բացայայտէ տարուան ընթացքին իրագործուած կրթական-դաստիարակչական գործունէութիւնը` հայեցի միջավայրի մէջ: Կատարուած են խմբական հանդիպումներ` տօնական զանազան առիթներով, տարեդարձային նշումներ` մայրերու ընկերակցութեամբ, պտոյտներ` դաստիարակչական իմաստ պարփակող: Այս ամէնը կ՛արտայայտէ վարժարանին մէջ կիրարկուած ուսումնական մակարդակը եւ մանկավարժական ներկայ օրերուն հետ քայլ պահելու կարեւորութիւնը:
Մանուկներ, երեքէն վեց-եօթ տարեկան, կու գան բեմ, կը պարեն ու կ՛երգեն: Այս հանդիսութեան թեման ունի լրատուական-ձայնասփիւռային նմանակ զրոյցներու արդիւնքը միշտ յաղթական` ամէնուն համար: Հաճելի եւ ուրախ մանրանկար ներկայացում մը եղաւ այս` մեր իրականութենէն քաղուած:
Զուարթ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ հանդիսութիւնը: Բնութեան հետ բարեկամացած, թիթեռնիկներ, մեղուներ, «Տըզ-տըզ» ձայներ, մանկական աշխարհը հետաքրքրող եւ անոնց երեւակայութիւնը խթանող թեմաներով:
Վկայականներու բաշխումը կատարուեցաւ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Վարդան աբղ. Թաշճեանի, վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեանի եւ վարիչ մանկապարտիզպանուհի Իրմա Ճերէճեանի: 16 աշակերտներ ստացան վկայական:
Տնօրէնը այս առիթով շնորհաւորեց վկայեալները, անոնց ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին սատարող ազգային կառոյցներու պատասխանատու, բարերարներու, վարժարանին նեցուկ կանգնող համանուն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, հոգաբարձութեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմիս առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, անոր ընծայած օժանդակութեան եւ գուրգուրանքին` հանդէպ վարժարանի վերելքին ու բարւոք աշխատանքին:
Վարդան աբղ. Թաշճեան հայր սուրբը իր կարգին գնահատեց վարժարանին ջամբած հայակերտ դաստիարակութիւնը, ծնողներուն հաւատքը ազգային վարժարանին հայադրոշմ կրթութեան, թելադրելով միշտ մնալ հայ ազգային վարժարանի կողքին: Ան ըսաւ, որ այս առաջին վկայականով մեր մանուկները մուտք կը գործեն նոր կեանքէ մը ներս եւ պիտի շարունակեն հոն` արժանանալով բարձրագոյն վկայականներու:
Վկայականներ ստացան Թոփճեան Սէրլի, Մուշեղեան Փաթիլ, Ժամկոչեան Գարինա, Պիլեմճի Ալինա, Վահրատեան Տիանա, Քէշիշօղլեան Թամար, Այնթէպլեան Կարէն, Այնթէպլեան Նարեկ, Աւագեան Սերգօ, Գալայճեան Նարեկ, Կիւլեսերեան Սէրուժ, Մարտիրոսեան Գլակ, Սահակեան Ազատ,- Վարդանեան Էմմանուէլ, Տեմիրճեան Յովիկ, Ֆարահ Ռոտրիկ:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ հայր սուրբին «Պահպանիչ»ով: Հանդիսութեան յայտագիրին վերջին բաժինը եղաւ վկայեալ աշակերտներուն հայրերուն ուղղուած հրաւէրը «Հայրերու օր»ուան առիթով: Անոնք ներկայացան բեմին առջեւ եւ ստացան ծաղիկներ իրենց զաւակներէն, ուրախութեան ծափողջոյններով: Հայրերուն նուիրուած յարգանքով ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան սրահէն:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



