Thursday Jun 20, 2013

Ո՞րն Է Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Գեղանկարը

By adminx - Sat Jun 30, 5:32 am

Մայիս ամսուան աճուրդի մը ընթացքին ծախուեցաւ Էտուարտ Մունխի «Կանչը» անունով գեղանկարը: Անիկա պատմութեան մէջ մտաւ իբրեւ աշխարհի ամէնէն սուղ գեղանկարը, երբ անոր արժէքը հասաւ 119,9 միլիոն տոլարի:

* * *

Նորվեկիացի նշանաւոր գեղանկարիչ Էտուարտ Մունխ իր այս գեղանկարը գծած է 1893 թուականին: Ան նոյն գործէն չորս տարբերակ արտադրած է: Անոնցմէ երեքը կը գտնուին Նորվեկիոյ թանգարաններուն մէջ, իսկ չորրորդը կը պատկանէր գործատէրի մը, որուն հայրը արուեստագէտին բարեկամն էր: Այս գործատէրը այլեւս չէր ուզեր այդ արուեստի գործը պահել, հետեւաբար ան աճուրդով ծախու դրաւ:

* * *

Երբ անձ մը այս արուեստի գործին նման փնտռուած առարկայ մը ունի եւ կ՛ուզէ անկէ բաժնուիլ, ան կրնայ զայն աճուրդով ծախել` իր դրամը ձեռք ձգելու համար: Նման «առեւտուրի» մը սկզբունքը պարզ է: Այդ անձը իր ունեցած առարկան կը ցուցադրէ յատուկ սրահի մը մէջ եւ կը փորձէ ամէնէն բարձր գինը ստանալ: Աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին  աճուրդի գլխաւոր երեք մեծ սրահներ` Սոթպի՛զ (Նիւ Եորք, Միացեալ Նահանգներ, ուր այս գործը ծախուած է), Քրիսթի՛զ (Լոնտոն, Անգլիա) եւ Տրուօ (Փարիզ, Ֆրանսա): Ամէն մարդ կրնայ մասնակցիլ կամ  ներկայ գտնուիլ աճուրդի մը:

Վաճառքի պատասխանատուն առարկային համար մեկնարկային գին մը կը ճշդէ. ապա հետաքրքրուած իւրաքանչիւր անձ բարձր ձայնով կը յայտնէ այն գումարը, զոր ինք պատրաստ է վճարելու: Կամաց-կամաց արժէքը կը բարձրանայ, կը բարձրանայ… Վերջաւորութեան, այն անձը, որ ամէնէն բարձր գինը կու տայ, իրաւունքը կ՛ունենայ այդ առարկան գնելու:

Վաճառքը փակելու համար գոյութիւն ունի յատուկ արարողութիւն մը: Պատասխանատուն բարձր ձայնով կ՛ըսէ «1 անգամ, 2 անգամ, 3 անգամ…»:

Եթէ ոչ մէկը գինը բարձրացնէ, ան իր փոքրիկ մուրճը կ՛առնէ եւ սեղանին վրայ զարնելով` կը յայտարարէ, թէ ծախուած է:

* * *

Սակայն ինչո՞ւ այս գեղանկարը այսքան սուղ ծախուեցաւ: Որովհետեւ «Ճիչը» աշխարհի ամէնէն ծանօթ գործերէն մէկն է: Անոր նկարիչը` Էտուարտ Մունխ, անձկութեան զգացումը բացառիկ ձեւով կրցած է ներկայացնել: Ճիշդ է, որ երբ մենք այդ գործին նայինք, մենք ժպտալու փափաքը չենք զգար: Ներկայիս արուեստի գործեր հաւաքողները կ՛երազեն այս գեղանկարը ձեռք ձգել, որովհետեւ անիկա շատ գնահատուած գործ մըն է: Իր 119,9 միլիոն տոլար արժէքով ան դարձաւ աշխարհի ներկայի ամէնէն սուղ գեղանկարը` տիտղոսը խլելով Փիքասոյի «Լը Նիւ Օփլաթօ տիւ սքիւլթէըր» գործէն, որ 2010 թուականին ծախուած էր 106,5 միլիոն տոլարի:

 

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ…

Փիցցան

Մեզի համար պարզ փիցցա մը կրնայ 10-15 տոլար արժել: Սակայն փիցցայի իսկական սիրահարները պատրաստ են վճարելու մինչեւ մօտաւորապէս 4000 տոլար` համտեսելու աշխարհի ամէնէն սուղ փիցցան:

Այս փիցցան շինուած է 2007 թուականին, իտալացի խոհարարապետ Տոմենիքօ Քրոլլայի կողմէ, Կլասքոյի մէջ: Ան հնարած է «Փիցցա ռուայալ 007» ի պատիւ նշանաւոր 007 Ճէյմս Պոնտի կերպարին: Այս փիցցան շատ սուղ է, որովհետեւ անոր բաղադրութեան նիւթերը սուղ նիւթեր են, սկովտիական Լոսդի, ամէնէն լաւ տեսակի եւ հին քոնեաքի մէջ թաթխուած աստակոս եւ նոյնիսկ 27 քարաթ ուտուելիք ոսկիի «փաթիլներ»:

Այս փիցցան շինուած է, աճուրդի դրուելէ ետք, անոր հասոյթը բարեգործական հաստատութեան տրամադրելու համար:

* * *

Հոթ տոկը

Այս ուտելիքին վերաբերեալ նոր մրցանիշը այս անգամ կու գայ ոչ Միացեալ Նահանգներէն, այլ` Քանատայէն: Վանքուվըրի մէջ «Տուկի տոկ» հոթ տոկի ճաշարանը շինած է աշխարհի ամէնէն սուղ հոթ տոկը, որ կ՛արժէ 100 տոլար: Ան կը պատրաստուի միայն ապսպրանքով: Անշուշտ անոր գինը սուղ է անոր բաղադրութեան նիւթերուն պատճառով. ճափոնական քոպէ կովու միս, ձիթաիւղի եւ թայլի իւղի (թրաֆըլ, սունկի տեսակ մը) մէջ թաթխուած, թարմ աստակոս` թաթխուած «Ռէմի Մարթեն Լուի 13 Կրանտ Շեմփէ՛յն» քոնեաքի մէջ, որ աշխարհի ամէնէն սուղ քոնեաքներէն մէկն է (մէկ շիշը կ՛արժէ 2300 տոլար): Միսը տասներկու ժամէն աւելի թաթխուած կը մնայ այս յարգի խմիչքին մէջ, որպէսզի քոնեաքը իր իւրայատուկ համը տայ սանտուիչին: Այս պատճառով ալ նաեւ պէտք է նուազագոյնը 12 ժամ առաջ կատարել ապսպրանքները:

* * *

Համպըրկըրը

Անիկա «Պըրկըր Էքսթրաւէյկընթ»-ն է: Աշխարհի ամէնէն լաւ միսը` քոպէ կովու միս, սեւ եւ ճերմակ թայլ, ձկնկիթ, Մոնթկոմըրի չետըր պանիր եւ ուտուելիք ոսկիի «փաթիլներ», այս բոլորը` 295 տոլարի:

                                                      * * *

Կարկանդակը

Անգլիոյ մէջ Տուրմի ազգային շաբաթուան առիթով Մարք Կիպերթ պատրաստած է աշխարհի ամէնէն սուղ կարկանդակը, որ ծախուած է 32,874 տոլարի:

Այս կարկանդակի բաղադրութեան նիւթերու ցանկին մէջ մենք կը գտնենք` քաքաոյի 28 տարբեր տեսակներու խառնուրդ մը, ձկնկիթ եւ շամփանիայի անուշ: Վերջապէս, կարկանդակը զարդարուած է ոսկի տերեւներով եւ երկու քարաթ ադամանդով մը (որ անշուշտ կարելի չէ ուտել):

 

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ
Ֆութպոլի Գնդակը

Անշուշտ այս գնդակը խաղալու համար չէ, որովհետեւ այս յարգի առարկան կ՛արժէ 2.5 միլիոն տոլար:

Այս իւրայատուկ գոհարեղէնը շինուած է Հարաւային Ափրիկէի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան առիթով: Այս 2.2 քիլօ կշռող գնդակին շինութիւնը տեւած է 3 ամիս եւ կարօտած` ընդհանուրը 3500 քարաթ, 6620 ճերմակ ադամանդի եւ 2640 սեւ ադամանդի, բոլորը հանուած` Հարաւային Ափրիկէի հանքերէն:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Մեր արցունքները չեն կրնար թափիլ անջրպետին մէջ:
  • Աւստրալիական տարօրինակ ուտելիք մը` կոկորդիլոսի սթէյք:
  • Պրազիլական տարօրինակ ուտելիք մը` փիրանա ձուկի աղցան:
  • Մենք շատ աւելի բարձր կրնանք ցատկել լուսինին վրայ, որովհետեւ մենք հոն վեց անգամ աւելի նուազ կը կշռենք, քան` երկրագունդին վրայ:
  • Երեւակ մոլորակին օղակները սառոյցի մեծ կտորներ են, որոնք անոր շուրջ կը դառնան:
  • Միջին դարերու ազնուականները սիրամարգ կ՛ուտէին:
  • Լոս Անճելըսի մէջ արգիլուած է գետաձի պահելը:
  • Արուսեակը միակ մոլորակն է, որ հակառակ ուղղութեամբ կը դառնայ:
  • Երկրագունդին մակերեսին երկու երրորդը ջուրով ծածկուած է:
  • Ձգախէժէ պարանները աւելի երկար կը դիմանան, երբ սառնարանին մէջ պահուին:
  • Օհայոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, արգիլուած է ձուկ մը գինովցնել:
  • Լոյսը ուղիղ գծի վրայ կը յառաջանայ:
  • Գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 1000 հրաբուխներ, որոնք կրնան այսօր ժայթքիլ:
  • Հազար երկրագունդեր կրնան բաւել արեւուն մէջ:
  • Հարաւային բեւեռը անդադար մթութեան մէջ կը մնայ տարին 182 օր:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մեղուները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

կրնաս ամբողջացնել քառակուսիններուն հետեւելով վարի պատկերը: 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement